image

Լեւոն Քոչարեանի օգնական Արթուր Սուքոյեանը կալանաւորուած է 2 ամիսով

Լեւոն Քոչարեանի օգնական Արթուր Սուքոյեանը կալանաւորուած է 2 ամիսով

ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի օգնական Արթուր Սուքոյեանը կալանաւորուած է 2 ամիսով, յայտնած է քննչական կոմիտէն։

Նշուած է, որ 30 ապրիլ 2024-ին՝ ժամը 11:50-ի սահմաններուն, Civic.am լրատուական գործակալութեան լրագրող Դաւիթ Լեւոնեանը, իր լրագրողի մասնագիտական գործունէութիւնն իրականացնելու նպատակով գտնուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի բակին մէջ, երբ անոր մօտեցած է Արթուր Սուքոյեանը եւ պարզաբանում պահանջած Լեւոնեանի կողմէ օրեր առաջ ընկերային ցանցի մէջ տեսանիւթ հրապարակելու կապակցութեամբ:

«Խօսակցութիւնը վերաճել է վիճաբանութեան, որի ընթացքում Ա.Ս.-ն ձեռքով հարուածել է վերջինիս դէմքին, ինչի պատճառով լրագրողը վայր է ընկել, իսկ նրա ձեռքին եղած տեսախցիկը վնասուել է»,–գրած է քննչական կոմիտէն։

Ձեռք բերուած բաւարար փաստերու հիման վրայ՝ միջնորդութիւն ներկայացուած է հսկող դատախազին՝ Ա.Ս.-ի նկատմամբ բռնութեան գործադրմամբ լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելը յօդուածով հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ, որ բաւարարուած է:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական եւ վարութային գործողութիւններ՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով։