image
Հրատապ լուրեր:

Մասուտ Փեզեշքիան՝ Իրանի նախագահ

Մասուտ Փեզեշքիան՝ Իրանի նախագահ

Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական արտահերթ ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաղթանակ տարած է բարեփոխիչ, առողջապահութեան նախկին նախարար Մասուտ Փեզեշքիան։

«Մասուտ Փեզեշքիան ստացած է 16 միլիոն 384 հազար 403 ձայն, իսկ Սաիտ Ճալիլին՝ 13 միլիոն 538 հազար 179 ձայն»,- SNN գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Իրանի Ներքին գործոց նախարարութեան ընտրական յանձնաժողովի ղեկավար Մոհսէն Էսլամի։

Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակցած է 30 միլիոն 573 հազար 931 մարդ, Իրանի մէջ ընտրական իրաւունք ունեցողներու 49,8 տոկոսը։

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի 19 մայիսին աղէտի զոհ դարձած էր. Ատրպէյճանէն վերադառնալու ատեն անոր ինքնաթիռը կործանուած էր, որու մէջ կային նաեւ Արտաքին գործոց նախարարը եւ այլ պաշտօնեաներ: