Ասթանա պատրաստ է հարթակ առաջարկելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու համար, յայտարարած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ:
«Ղազախստան գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ COP-29-ին: Ղազախստան նաեւ պատրաստ է հարթակ առաջարկելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն համար: Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կը նկատուին դրական միտումներ։ Համաշխարհային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը Ղազախստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնն է։ Հակամարտութիւնները լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է»,- յայտարարած է Թոքաեւ Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին։