image

Ալիեւն ու Ֆիտանը քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները

Ալիեւն ու Ֆիտանը քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան Շուշիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ 

Ատրպէյճանական կողմի տուեալով՝ զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ նշուած է քանի մը օր առաջ Ասթանայի մէջ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ նախագահներու եւ Փաքիստանի  վարչապետի եռակողմ հանդիպումը, որ «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան օրինակ դարձած է»: Զրուցակիցները վստահութիւն յայտնած են, որ այսուհետեւ այդ ձեւաչափը պիտի ըլլայ տեւական։

Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են բոլոր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ «եղբայրական, բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու յաջող զարգացման կապակցութեամբ, անդրադարձ կատարուած է թրքական աշխարհի միասնութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութեան»: