image

Լիբանանի մէջ. Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ՝ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր» մը իրականացուած

Լիբանանի մէջ. Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ՝ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր» մը իրականացուած

Օրերս, Լիբանանի մէջ Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ՝ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր» մը իրականացուած է՝ գործակցութեամբ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին:

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշի, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեանի, երկուշաբթի, 27 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ի մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը, որ իրականացած էր գործակցութեամբ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին:

Բազմաթիւ խօսողներէ ետք հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ հայերուս համար աշխատանքը կարեւոր է, որպէսզի մեզ կանխող սերունդներուն օրինակով, մեր ճակտի քրտինքով ապահովենք մեր եւ մեր ընտանեկան պարագաներուն ապրուստը, աւելցնելով սակայն, որ դարաշրջանը մասնագիտութիւն կը պահանջէ, եւ գիտութիւնը կարեւոր է, որպէսզի մեր աշխատանքը ըլլայ ազդեցիկ եւ արդիւնաւոր: Սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է կեանքէն ներս հաւատք ունենալ Աստուծոյ հանդէպ, նաեւ` մեր աշխատանքին ու նուիրումին նկատմամբ: Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ այս դասընթացքին միջոցով մասնակիցները պատրաստուեցան, որպէսզի իրենց աշխատանքով, իրենց եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն ապրուստը վաստկին, նաեւ յոյս յայտնեց, որ անոնք անհրաժեշտ գիտութիւնը ստացան եւ պատրաստ են այդ գիտութիւնը աշխատանքի ճամբով խորացնելու եւ զարգացնելու: Սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն` Աստուծոյ հաւատալով եւ վստահելով, նաեւ` իրենց աշխատանքին վստահելով: Սրբազանը մաղթեց, որ յարատեւեն եւ բարձունքներ նուաճեն եւ պատիւ բերեն իրենք իրենց, նաեւ` Ազգային առաջնորդարանին: