image
Հրատապ լուրեր:

Ցաւալի կորուստ Հոլանտայի մէջ. Մահացած է երիտասարդ Աւետիս Պօղոս Սիմոնեանը

 Ցաւալի կորուստ Հոլանտայի մէջ. Մահացած է երիտասարդ Աւետիս Պօղոս Սիմոնեանը

Օրերս Հոլանտայի մէջ յետ կարճատեւ եւ ծանրագին հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է    Աւետիս Պօղոս Սիմոնեան։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի հարազատներէն։

 Ընդամէնը 32  գարուն ապրած Աւետիսը մեծ սէր ու նուիրում ունէր երաժշտութեան հանդէպ, սակայն վերջին տարիներուն  ունեցած ծանր հիւանդութեան հետեւանքով ան գրեթէ քաշուած էր հրապարակէն։ 

 Զինք ճանչցողներու վկայութեամբ, Աւետիս կենսասէր, լաւատես եւ շրջապատի մարդկանց հանդէպ միշտ բարին ու լաւը կամեցող երիտասարդ էր ու այդ  բարի յատկութիւններուն շնորհիւ ան դարձած էր շրջապատին կողմէ սիրուած երիտասարդ մը։ 

 Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր պարագաներուն եւ ի մասնաւորի Հոլանտայի հայկական համայնքի երեւելի եւ յարգուած  անդամներէն Տիար Յարութիւն Սիմոնեանին, որ աշխոյժ ներկայութիւն է  Հայաստանի  հանդէպ ծաւալուած տարբեր մակարդակի գործունէութիւններուն եւ յատկապէս մասնակից է «Հայաստան» հիմնադրամի  աշխատանքներուն։