image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ կը կայանայ «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւն

Հայաստանի մէջ կը կայանայ «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւն

Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու  մասնակցութեան նախապատրաստման ծիրէն ներս 15-24 յուլիսին Հայաստանի մէջ կը կայանայ «Արծիւ Գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը, յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան ՀՀ Զինուած Ուժերու խաղաղապահ զօրախումբի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային պահակախումբի զինծառայողները:

Զօրավարժութիւնը կ'ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններ։

Զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրէն ներս, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը: Խաղաղապահ առաքելութիւններու նախապատրաստութեան ծիրէն ներս միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու համար նախապատրաստուող ստորաբաժանումները պարբերաբար կը մասնակցին նմանօրինակ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու գործընկեր երկիրներու մէջ: