image
Հրատապ լուրեր:

Բացայայտուած է պետական դաւաճանութեան դէպք. 43-ամեայ պայմանագրային զինծառայող կալանաւորուած է․ ՔԿ

Բացայայտուած է պետական դաւաճանութեան դէպք. 43-ամեայ պայմանագրային զինծառայող կալանաւորուած է․ ՔԿ

Քննչական կոմիտէն հաղորդած է, որ յունիս 26-ին նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին փաստական տուեալներ ստացուած են Երեւան քաղաքի 43-ամեայ բնակչի կողմէ լրտեսութեան, պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ յանձնելու եւ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչին այլ օգնութիւն ցոյց տալու եղանակներով պետական դաւաճանութիւն կատարելու վերաբերեալ։

«Պարզուել է, որ նշուած անձը, հանդիսանալով պայմանագրային զինծառայող եւ կոչումով կրտսեր սերժանտ, «odnoklassniki.ru» սոցիալական ցանցում առկայ՝ իր տուեալներով օգտահաշուով 2023-ի յունուար ամսից կապ է հաստատել ադրբեջանական յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցիչ հանդիսացող, նոյն սոցիալական կայքում մտացածին անուամբ օգտահաշուի ներքոյ քօղարկուած անձի հետ։ Ծաւալուած սիրային զրոյցների արդիւնքում, վերջինս մտերիմ յարաբերութիւններ է հաստատել ՀՀ ԶՈւ նշուած պայմանագրային զինծառայողի հետ եւ, հաւաքագրել վերջինիս։

Դրանից յետոյ 43-ամեայ տղամարդը, սեռական շահագրգռուածութիւնից ելնելով, հաղորդակցի հետ ձեւաւորուած շփումը շարունակական պահպանելու համար, վերջինիս առաջադրանքով 2023-ի յունուարից մինչեւ 2024-ի փետրուար ընկած ժամանակահատուածում հաւաքել ու յանձնել է իրենց ստորաբաժանման պահպանութեան ներքոյ գտնուող մարտական դիրքի սպառազինութեան, զինատեսակների քանակի եւ տեսակի, մարտական դիրքերի տեղակայման վայրերի, հրամանատարական կազմի անհատական տուեալների, մարտական դիրքերի մի շարք փաստաթղթերի եւ այլնի վերաբերեալ պետական, ծառայողական գաղտնիք կազմող, ինչպէս նաեւ ռազմական բնագաւառի այլ տեղեկութիւններ հանդիսացող տուեալներ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յուլիս 2-ին պայմանագրային զինծառայողը ձերբակալուած է, ապա կալանաւորուած է։ Ան ինքնախոստովանական ցուցմունք տուած է։