image

Լայլա Ալ Սոլհ- Համատէ «Լիբանանցիները Սորվելիք Ունին Հայերէն»

Լայլա Ալ  Սոլհ- Համատէ «Լիբանանցիները Սորվելիք Ունին Հայերէն»

Լիբանանի  տարածքին  բարերարութիւններ կատարող   «Ալ Ուալիտ Պըն Թալալ» կազմակերպութեան փոխ նախագահ  Տիկին Լայլա Ալ Սոլհ Համատէ (նախկին  պետական  նախարար)    տօնական օրերու առթիւ    Պէյրութի   Ազգային  Ծերանոց այցելած է: Այս մասին տեղեկութիւնը   կը   փոխանցէ   լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը:   Համատէ  հանդիպելէ ետք     ծերանոցի պատասխանատուներուն հետ շրջայց մը կատարած է եւ մօտէն ծանօթացած  ծերանոցին մէջ  պատսպարեալններուն  ընդհանուր իրավիճակին:   Սոյն այցին  անոր  ընդունելութեան ներկայ  գտնուած  են Լիբանանի խորհրդարանի անդամ ՝  Տիար Յակոբ Բագրատուի, Լիբանանի Թեմի բարեջան Առաջնորդ  Տ.  Շահէ Եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ  Տիար Անդրանիկ Մըսրլեան,  ծերանոցի  տնօրէն Վերապատուելի Սեպուհ Թէրզեան   եւ   խնամակալութեան պատասխանատուներէն՝  Վերապատուելի   Մկրտիչ  Գարակէօզեան: Այս առթիւ  Տիկին Ալ Սոլհ- Համատէ հակիրճ խօսք մը արտասանելով  ըսած է, որ  Լիբանանցիները  սորվելիք ունին  հայերէն, որոնք  միշտ հաւատացած  են Րիատ Սոլհի համակեցութեան եւ  հաւասարութեան գաղափարներուն:  Ան   հայութեան դիմելով      հարց  տուած է, թէ Լիբանանի  հայկական համայնքի պատասխանատուները   ինչո՞ւ   ճնշումներ չեն  բանեցներ  իրենց քրիստոնեայ գործընկերներուն  վրայ   երկրի նախագահի ընտրութեան   օրակարգի  յաջողութիւնը ապահովելու  համար:     Խօսքերու  աւարտին Ալ Սոլհին  յանձնուած է այս առթիւ պատրաստուած յատուկ յուշամետալ մը: Նշենք, որ    Լիբանանի      վարչապետներէն   Րիատ Ալ Սոլհի դուստրը  Լայլա Ալ Սոլհ Համատէ   առաջին անգամը չէ, որ հայկական բարեսիրական հասատատութիւններ կ'այցելէ եւ իշխանական նուիրատութիւններ կը  կատարէ   այդ միութիւններուն: