image

Լաւրով հանդիպած է Էրտողանին

Լաւրով հանդիպած է Էրտողանին

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովն Անգարայի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ, յայտնած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ի թղթակիցը։

Մինչ այդ, Անգարա կատարած այցի ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախարարը բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, կողմերը քննարկած են Արցախի մէջ իրավիճակի կարգաւորումը, ուքրանական ճգնաժամը, «հացահատիկի գործարքը», Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյցի ստեղծումը եւ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։