image

Արաքճի եւ Ֆիտան քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցեր

Արաքճի եւ Ֆիտան քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցեր

 

Պաղտատի մէջ, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջածիրէն ներս, տեղի ունեցած է Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ապպաս Արաքչիի եւ Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը։

Կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, յատկապէս՝ Պաղեստինի կացութիւնը։

Նախարարները ընդգծած են իսլամական երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման եւ համակարգման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նշած են իսլամական աշխարհի խնդիրներուն, ներառեալ իսլամատեացութեան լուծման համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ներուժը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին եւ Հորմուզի նեղուցին շուրջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։