ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով կը համարէ, որ Թուրքիան չի հետապնդեր Մեծ Թուրան ստեղծելու նպատակ:
«Խօսելով Մեծ Թուրանի մասին, վերազգային կազմաւորման պատմական իմաստով, չեմ կարծեր, որ Թուրքիան կը հետապնդէ նման նպատակ: Չեմ տեսներ՝ ինչպէս իրականութեան մէջ նախկին ԽՍՀՄ եւ ներկայի անկախ երկիրները կարող են այդ գաղափարը ինչ որ կերպ սատարել: Ընդհակառակը՝ անոնց արտաքին քաղաքականութեան եւ գործունէութեան ամբողջ հոգեյոյզը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ ամրապնդեն իրենց ազգային պետութիւնը»,- ըսած է ան ՌԲԿ պատկերասփիւռի կայանի տուած հարցազրոյցին:
Լաւրով նշած է, որ թրքալեզու յարաբերութիւններու թեման բաւական խորունկ ներթափանցած է Թուրքիոյ եւ համապատասխան երկիրներու, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի ու Կեդրոնական Ասիոյ որոշ պետութիւններու համագործակցութեան մէջ:
ՌԴ ԱԳ Նախարարը յիշեցուցած է, որ կայ Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդ, ուր Ռուսաստան եւս ներգրաւուած է: «Թրքալեզու քանի մը հանրապետութիւններ հետաքրքրուած են հաղորդակցութեամբ: Գոյութիւն ունի Թրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութիւն: Կայ նաեւ Թրքալեզու պետութիւններու խորհրդարանական համաժողովներ: Բոլոր ասոնք կը գործեն արդէն բաւական երկար ժամանակ: Ասոնց միջոցառումները հիմնականին կը կրեն մշակութային, լեզուական, կրթական աւանդոյթի պահպանման ուղղուածութիւն»,-ընդգծած է Լաւրով:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, շարունակած է նախարարը, ան ունի շահեր, որ համացեղակիցները խօսին նոյն լեզուով: «Մենք նոյնպէս կը ցանկանք, որ «ռուսական աշխարհը» ունենայ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն: Ստեղծած ենք արտասահմանեան երկիր ապրող հայրենակիցներու կազմակերպութիւններու ընդլայնուած ցանց, կը բանանք համալսարաններուն կից «Ռուսական աշխարհ» տարբեր երկիրներու մէջ, բացառապէս լեզուական, կրթական, գիտական նպատակներով»,-պարզաբանած է Լաւրով: