image

Լաւալի մէջ. «Կրօնքը հիմք ընկերային փոխյարաբերութեան» նիւթով դասախօսութիւն

Լաւալի մէջ. «Կրօնքը հիմք ընկերային փոխյարաբերութեան» նիւթով դասախօսութիւն

Օրերս Գանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ հովանաւորութեամբ` երաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին տեղի ունեցած է Ժողովրդային զրոյց՝ «Կրօնքը հիմք ընկերային փոխյարաբերութեան» թեմայով։

 Այս մասին «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ Թեմի  դիմատետրեան էջէն՛ որ մասնաւորապէս  կը գրէ՝

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ժողովրդային զրոյց։ 

Օրուան պատգամաբերն էր, Հայաստանէն ժամանած՝ Տիար Արշաւիր Գաբուճեան, որ ներկայացուց՝ «Կրօնքը Հիմք Ընկերային Փոխյարաբերութեան» նիւթը։ 

Պարոն Գաբուճեան, Վարիչ Տնօրէնն է Դանիական Հայկական Բարեգործական Միութիւն կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու հեղինակը։