Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Le Monde թերթին տուած հարցազրոյցին հնչեցուցած միտքերու մեկնաբանութեամբ:
Երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր ոճին, նախ նշած է, թէ ՀՀ վարչապետը «անհիմն միտքեր հնչեցուցած է» տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի մասին, այնուհետ իրականութեան հետ աղերս չունեցող յայտարարութիւններ մեջբերած:
«Հայաստանը, որ կը պահանջէ հեռացնել Լաչինի սահմանային անցակէտը, որ կը բարդացնէ իրենց երկրի անօրինական գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ կը խանգարէ յարձակման եւ անջատողականութեան քաղաքականութեան, պէտք է հասկնայ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի մէջ սահմանային անցակէտի տեղադրումը լիովին կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին։
Բացի այդ, հայկական կողմը մերժած է ատրպէյճանական կողմի առաջարկը՝ միջազգային դերակատարներու, այդ շարքին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի կողմէ, Աղդամ-Ստեփանակերտ ճանապարհն օգտագործել հայ բնակչութեան կարիքներու համար, որ կը վկայէ տարածաշրջանի մէջ «լարուած մարդասիրական իրավիճակի» մասին պնդումներու անհիմն ըլլալու մասին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ իբր Հայաստանի վարչապետը միջազգային հասարակական կարծիքը շահարկումի ենթարկելու փորձ ըրած է՝ անտեսելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ, ուր ամէն օր անցակէտով կ'անցնին տասնեակ հայ բնակիչներ երկու ուղղութիւններով:
Ատրպէյճանական գերատեսչութիւնը, սակայն, մոռցած է նշել, որ յիշեալ Կարմիր խաչի Միջազգային Կոմիտէի կողմէ հիւանդներու տեղափոխումը կ'իրականացուի բարդագոյն պայմաններու մէջ, մի քանի օր տեւող բանակցութիւններով հազիւ ձեռք բերուող համաձայնութիւններով, կ'ուղեկցուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար ստորացուցիչ «լրացուցիչ» բժշկական ստուգումներով:
Յայտարարութեան աւարտին, ի հարկէ, Պաքուի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանին «զերծ մնալու սադրիչ քայլերէ ու յայտարարութիւններէ, կատարել միջազգային պարտաւորութիւնները» այն պարագային, երբ միջազգային հանրութիւնն ու մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանները նոյնը կը յորդորեն Ատրպէյճանին: