image
Հրատապ լուրեր:

Կովկասի մէջ խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ. Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար

Կովկասի մէջ խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ. Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար

Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ, ըստ ատրպէյճանական Report գործակալութեան`յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը։

«Կովկասեան տարածաշրջանն այլեւս հակամարտութիւններու կարիք չունի, այլ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան», -ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Խօսելով Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններիու մասին՝ Կիւլերը շեշտած է՝ Թուրքիան պիտի շարունակէ զարգացնել ռազմական համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ։

Ռազմավարական դաշինքն ամրապնդելու եւ համագործակցութիւնը խորացնելու Անգարայի եւ Պաքուի համատեղ ջանքերը յաջողութեամբ կը շարունակուին, ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը։