Այս տարի կը լրանայ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակը:
Մանկավարժ, խմբավար, բանահաւաք, բանաստեղծ եւ բազում շնորհներով օժտուած հայ մեծ երգահանը իր ապրած 66 տարիներու ընթացքին ստեղծած է գոհարներ, կատարած ազգանուէր անթիւ գործեր: Իր ստեղծագործած բոլոր տարիները հետաքրքրական եղած են: Մասնագէտներ Կոմիտասի բուռն աշխատանքային տարիները կը նկատեն 1899-1910 թուականները: Ինչպէս յայտնի է, վերադառնալով Գէորգեան ճեմարան, Կոմիտաս Վարդապետ 1899 թուականի սեպտեմբերէն սկսած է վարել Մայր Աթոռի դպրապետի պաշտօնը՝ ճեմարանի ուսանողներուն դասաւանդելով երաժշտութիւն։ Ան նաեւ հաւաքագրած եւ սկսած է ղեկավարել մեծ բազմաձայն երգչախումբ մը։ Այդ պաշտօնին Կոմիտասը մնացած է մինչեւ 1906 թուականը: Ճեմարանի արական բազմաձայն երգչախումբով համերգներ ունեցած է Երեւան, Թիֆլիզ, Պաքու:
Այդ տարիներէն յատկանշական է մանաւանդ 1905 թուականը, երբ իր տարեգրութեան մէջ կը կարդանք, որ Կոմիտաս կը վարակուի նեարդային հիւանդութեամբ: Այս մէկը յատկանշական փաստ է այն առումով, որ տարիներ յետոյ անոր ունեցած հոգեկան խանգարումին նեարդային հիմքերը տակաւին 1905 թուականին արդէն ի յայտ եկած էին:
Կոմիտասի տարեգրութենէն կը ներկայացնենք 1905 թուականի իր կեանքը՝ կարճ դրուագներով: Այդ տարուան ապրիլին էր, որ ան երգչախումբին հետ կը մեկնի Թիֆլիզ՝ իր հետ վերցնելով 12 արկղ հաւկիթ, տուփեղէն եւ եռացած ջուր: Ճանապարհին ան կ՚արգիլէ դուրս նայիլ պատուհանէն եւ խմել պաղ ջուր…
1905-Ը՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Փետրուար 25, Թիֆլիզ- Ապրիլին տրուելիք համերգի կազմակերպիչ Ն. Ղամբարեան նամակ կը գրէ Կոմիտասին եւ կը խնդրէ ղրկել Թիֆլիզի համերգի ժամանակ կատարուելիք երգերուն բառերը, որպէսզի ինք ստանայ գրաքննիչին արտօնութիւնը:
Այնուհետեւ կը հարցնէ երգչախումբին անդամներուն թիւին մասին տեղեկութիւններ՝ տեղափոխման հարցերը կարգաւորելու համար:
Մարտ 3, Թիֆլիզ- Մարիամ Թումանեան նամակ կը գրէ Կոմիտասին եւ կը յայտնէ, որ Թիֆլիզի մէջ տրուելիք համերգին վերաբերող հարցերը կարգաւորուած են: Մարիամ Թումանեան կը յայտնէ իր ուրախութիւնը, որ վերջապէս պիտի ծանօթանայ Կոմիտասին եւ պիտի խօսի «Անոյշ» օփերայի մասին: Մարիամ Թումանեան նաեւ կը խնդրէ Կոմիտասէն, որ իր հետ տանի ձայնագրուած կտորները:
Մարտ 6, Թիֆլիզ- Կը վախճանի Մակար Եկմալեան եւ կը յուղարկաւորուի Խոջիվանքի գերեզմանատունը:
Մարտ 20, Վաղարշապատ- Կոմիտաս ճեմարանի երգչախումբի աշակերտներուն հետ միասին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կը կատարէ՝ Մակար Եկմալեանի յիշատակին: Պատարագի րնթացքին կ՚երգէ Կոմիտասի ղեկավարած քառաձայն երգչախումբը: Պատարագէն յետոյ Կոմիտաս կը խօսի դամբանական մը, որու ընթացքին կը դրուատէ Եկմալեանի արժանաւորութիւնները, անոր հիմնաւորած գործին նշանակութիւնը:
Նոյն օրը, Թիֆլիզ- Կը հրապարակուի Նորայրի՝ Կոմիտասի գործունէութեան վերաբերող «Եկեղեցական երգեցողութիւն» խորագրով յօդուածը:
Մարտ 20-25, Թիֆլիզ- Զատ գրքոյկով լոյս կը տեսնէ ապրիլի 3-ին, առաւօտեան Արտիստական ընկերութեան թատրոնին մէջ Կոմիտասի տալիք համերգին ծրագիրը, Ա) «Հայ հոգեւոր երաժշտութիւն» եւ Բ) «Հայ ժողովրդական երաժշտութիւն» երգերու թեքստերը:
Մարտ 25, Թիֆլիզ- Կոմիտասի ապրիլեան համերգի կազմակերպիչ Ն. Ղամբարեան նամակ կը գրէ անոր՝ ղրկելով 300 ռուբլի ճանապարհածախս: Ն. Ղամբարեան համապատասխան հրահանգներ կու տայ Կոմիտասին՝ ուղեւորութեան մասին: Կը պատուիրէ, որ աշակերտներր վերցնեն իրենց բարձերն ու սաւանները եւ այլն:
Մարտ 29, Վաղարշապատ- Կոմիտաս 59 հոգիէ բաղկացած ճեմարանի երգչախումբի սաներուն հետ դուրս գալով Էջմիածինէն՝ կը մեկնի Թիֆլիզ՝ համերգներ տալու: «Կոմիտասը ճանապարհի համար վերցուցած էր 12 արկղ հաւկիթ, տուփեղէն եւ եռացրած ջուր: Պատուհանէն դուրս նայիլ կամ պաղ ջուր խմել չէր արտօներ», կը պատմէ Վ. Փարսադանեան:
Մարտ 30, Թիֆլիզ- Կոմիտաս երգչախումբի սաներուն հետ կը հասնի Թիֆլիզ եւ կը տեղաւորուի «Ղամբարեաններուն քով, ներքին յարկը»
Մարտ 31, Թիֆլիզ- «Մշակ» լրագրին մէջ կը հրապարակուի «Հ. Կոմիտասի կոնցերթի առիթով» խորագիրը կրող ընդարձակ հաղորդագրութիւնը, նուիրուած ապրիլի 1-ին Արտիստական ընկերութեան դահլիճին մէջ Կոմիտասի տալիք համերգին:
Ապրիլ 1, երեկոյեան, Թիֆլիզ- Արտիստական ընկերութեան դահլիճինն մէջ տեղի կ՚ունենայ Կոմիտաի ղեկավարած ճեմարանական սաներու քառաձայն երգչախումբին համերգը: Կը կատարուին բազմաթիւ երգեր, իսկ «Էջմիածինն ի Հօրէ» երգի տպաւորութիւնը այնպիսին կ՚ըլլայ, որ ունկնդիրները բոլորը ոտքի կը կանգնին:
Ապրիլ 3, Թիֆլիզ- «Տարազ» շաբաթաթերթին մէջ կը հրապարակուին Կոմիտասի «Գարուն ա» վերնագրով ստեղծագործութեան նոթաները, որոնք ապրիլի 1-ին երգուած էին Արտիստական ընկերութեան դահլիճին մէջ:
Նոյն օրը, Թիֆլիզ- «Տարազ»ին մէջ կը հրապարակուի յայտարարութիւն՝ ապրիլի 3-ին, ցերեկը Արտիստական ընկերութեան դահլիճին մէջ Կոմիտասի ղեկավարած երգչախումբի տալիք «Հոգեւոր ժողովրդական համերգի մասին»: Յաջորդ օրերուն մամուլը լայնօրէն կը լուսաբանէ:
Նոյն օրը, ժամը 3-ին, Թիֆլիզ- Արտիստական ընկերութեան դահլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ Կոմիտասի ղեկավարած ճեմարանական սաներու երգչախումբին երկրորդ համերգը:
Ապրիլ 5, Թիֆլիզ- «Մշակ» լրագրին մէջ կը հրապարակուի «Կոմիտաս Վարդապետի հոգեւոր-ժողովրդական համերգը» խորագրով յօդուածը՝ նուիրուած ապրիլի 1-ին եւ 3-ին Արտիստական ընկերութեան դահլիճին մէջ Կոմիտասի ունեցած ելոյթին:
Ապրիլ 6, Թիֆլիզ- Յովնանեան օրիորդաց դպրոցի դահլիճին մէջ Կոմիտաս կը բանախօսէ՝ հայ ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան մասին, մերթ ընդ մերթ իբրեւ բացատրութիւն երգելով առանձին կտորներ:
Նոյն օրը, Թիֆլիզ- «Թիֆլիզեան թերթիկ» ռուսալեզու լրագրին մէջ կը հրապարակուի «Հայր Կոմիտասի համերգը» խորագրով յօդուածը: Խօսելով հայկական երաժշտութեան առանձնայատկութիւններուն մասին՝ յօդուածագիրը ցոյց կու տայ, որ Կոմիտաս ունի համապատասխան գիտելիքներ՝ այդ հարցերը լուծելու համար:
Ապրիլ 3-8, Թիֆլիզ- Կոմիտաս կը լուսանկարուի ճեմարանի երգչախումբի սաներուն հետ:
Ապրիլ 7-8, Թիֆլիզ- Կոմիտաս Յովնանեան դպրոցի դահլիճին մէջ հայ ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան մասին կարդացած բանախօսութիւնը կը կրկնէ երաժշտական դպրոցի դահլիճին մէջ:
Ապրիլ 8-9, Թիֆլիզ.- «Մշակ» լրագրի երկու համարին մէջ կը հրապարակուի ապրիլի 6-ին Յովնանեան դպրոցի դահլիճէն ներս Կոմիտասի կարդացած «Հայ ժողովրդական եւ եկեղեցական երգերը» խորագրով դասախօսութեան՝ Տիգրան Զաւէնի կողմէ կատարուած սղագրութիւնը:
Ապրիլ 10, Թիֆլիզ- «Տարազ» շաբաթաթերթին մէջ կը հրապարակուի Նորայրի «Ազգային եկեղեցական համերգը եւ եկեղեցականները թատրոնին մէջ» յօդուածը՝ նուիրուած ապրիլի 1-ին Արտիստական ընկերութեան դահլիճին մէջ Կոմիտասի տուած համերգին:
Նոյն օրը, Թիֆլիզ- «Տարազ» շաբաթաթերթին մէջ «Գեղարուեստական քրոնիկոն» ընդհանուր խորագրին տակ կը հրապարակուի ապրիլի 6-ին Յովնանեան դպրոցի դահլիճին մէջ Կոմիտասի կարդացած դասախօսութեան վերաբերեալ ընդարձակ հաղորդագրութիւն: «Բազմաթիւ ունկնդիրներու վրայ շատ մեծ տպաւորութիւն ձգեց երաժշտագէտ հօր դասախօսութիւնը: Ցանկալի է, որ Հ. Կոմիտաս հնարաւոր կացուցանէր իր ժամանակը բաժնիլ Ս. Էջմիածնի ճեմարանի եւ Թիֆլիզի միջեւ: Թիֆլիզի մէջ Հ. Կոմիտասը կը հրաւիրենք հիմնել երգեցողութեան դասընթացքներ, կազմել երկսեռ խումբեր եւ ազգային-ժողովրդական երգերը հաստատ հիմքերու վրայ դնել», կը գրէ թերթը:
Յունիս 16, Թիֆլիզ- Գրաքննիչը կ՚արտօնէ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Մանուկ Աբեղեանի խմբագրած «Հազար ու մի խաղ» ժողովրդական երգարանի երկրորդ յիսնեակի տպագրութիւնը: Լոյս կը տեսնէ Վաղարշապատ, 1905 թուականին:
Յունիս 25, Էջմիածին- Կոմիտաս նամակ կը գրէ Փարիզ՝ Մարգարիտ Պապայեանին: Տեղեկութիւն տալով իր հիւանդութեան մասին՝ Կոմիտաս կը շարունակէ. «Ուրախութեամբ կը ղրկեմ իմ բարեկամ Օպռիին 100 երգ, աւելին կարող էի, բայց ձեռքիս տակ քանի մը անյետաձգելի կարեւոր աշխատանք ունիմ: Կը խնդրեմ, եթէ կարելի է իմանաք եւ նեղութիւն քաշէք ինձ հաղորդելու, թէ մինչեւ ե՞րբ պէտք է հասցնեմ այդ երգերը, այս ամրան ամիսներուն չեմ կրնար աշխատիլ, յոգնած եմ, բժիշկներն ալ արգիլած են մինչեւ սեպտեմբերի վերջը պարապիլը: Գործերս յաջող կ՚ընթանան, փոքրիկ նուագախումբ մըն ալ կազմած եմ ճեմարանին մէջ, յոյս ունիմ կամաց-կամաց ընդարձակել: Երեւի յաջողութիւն կ՚ունենայ Ձեր՝ իմ մասին պ. Մանթաշեանին ըրած միջնորդութիւնը»:
Յունիս 22- յուլիս, Էջմիածին- Կոմիտաս տենդով հիւանդ պառկած էր անկողնին մէջ: Բժիշկները արգիլած են պարապիլ: Կ՚որոշէ երթալ Հառիճ եւ ամբողջ ամառը մնալ այնտեղ:
Յուլիս 22, Վաղարշապատ- Վաղ առաւօտեան Կոմիտաս եւ Երուանդ Տէր-Մինասեան դուրս գալով Էջմիածինէն՝ կառքով կը մեկնին Ղարխուն կայարանը, ապա Երեւանէն եկող գնացքով կը մեկնին Ալեքսանդրապոլ:
Նոյն օրը, երեկոյեան Կոմիտաս վարդապետ եւ Երուանդ Տէր-Մինասեան վաղ առաւօտեան դուրս գալով Ալեքսանդրապոլէն, երկու տեղացիի ուղեկցութեամբ կառքով կը մեկնին Հառիճ:
Յուլիս 24, Հառիճ- Կոմիտաս եւ Երուանդ Տէր-Մինասեան Հառիճի վանքին մէջ կը մասնակցին Վարդավառի տօնակատարութեան:
Յուլիս 25, երկուշաբթի, Հառիճ- Կոմիտասի խնդրանքով Հայր Երուանդը (Երուանդ Տէր-Մինասեան) գիւղ կ՚երթայ եւ ազգականներու հարսներն ու աղջիկները կը հաւաքէ, կը բերէ վանքին բակը: Այդ օրը Կոմիտաս գրի կ՚առնէ 34 նոր երգ, որոնց մէջ նաեւ՝ «Աման Թելօ, Թելօ ճան» երգը:
Յուլիս 26-9 օգոստոս, Հառիճ- Կոմիտաս գաղտնի ականջալուր կ՚ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս վանքին կից փողոցին մէջ տանիքի վրայ նստած չափահաս աղջիկ մը աթար կը շինէ ու երգ մը կ՚երգէ: Գրի առնելով երգուածը՝ Կոմիտաս կը սպասէ երգին շարունակութեան, երբ յանկարծ իր խօսքերով «Պառաւ մը բարկացած կը գոռայ եւ վար կը կանչէ աղջիկը: Անիծեցի պառաւին, որ խանգարեց: Այնուհետեւ ականջս դուրսն էր, բայց ալ երգին ձայնը չլսեցի»:
Յուլիս 22-օգոստոսի սկիզբ, Հառիճ- Շուրջ երկու շաբաթ մնալով Հառիճի վանքին մէջ եւ ապաքինելով՝ Կոմիտաս կը մեկնի Ալեքսանդրապոլ՝ դիմաւորելու համար Թիֆլիզէն Ալեքսանդրապոլի վրայով Էջմիածին մեկնող Խրիմեանին:
Օգոստոս 10, ժամը 11.40, Ալեքսանդրապոլ- Կայարանին մէջ Կոմիտաս այլոց հետ միասին կը դիմաւորէ Թիֆլիզէն Ալեքսանդրապոլ եկող Մկրտիչ Խրիմեանին:
Օգոստոս 15, առաւօտեան, Ալեքսանդրապոլ- Խրիմեանին ուղեկցող Կոմիտասը գնացքով Ալեքսանդրապոլէն կը մեկնի Էջմիածին:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Վաղարշապատ- Կոմիտաս Վարդապետ Մկրտիչ Խրիմեանին հետ կը հասնի Էջմիածին:
Օգոստոս-սեպտեմբեր, Վաղարշապատ- Լոյս կը տեսնէ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Մանուկ Աբեղեանի խմբագրած «Հազար ու մի խաղ» խորագրով ժողովրդական երգարանի երկրորդ յիսնեակը (103 էջ):
Հոկտեմբերի սկիզբ- Վաղարշապատ- Նեարդային հիւանդութիւն ստանալէ յետոյ Կոմիտաս ապաքինման համար կը մեկնի Թիֆլիզ:
Հոկտեմբեր 25-4 նոյեմբեր, Թիֆլիզ- Բուժման նպատակով Թիֆլիզ ժամանած Կոմիտաս յաճախ կ՚այցելէ աշուղ Ջիւանիի ընտանիքին: Ջիւանիի որդին՝ Գարեգին Լեւոնեան կը գրէ. «Իմ մօրմէս ան տեղեկութիւններ կը հարցնէր Ալեքսանդրապոլի հին պարերու եւ պարեղանակներու մասին: Օր մը հայրս սնդուկէն հանեց եւ Կոմիտասին ընծայաբերեց հայ երաժշտութեան տեսականուն վերաբերող Պոլսոյ մէջ տպագրիիած հին գիրք մը (Գապասաքալեան): Ան անչափ ուրախացաւ երեխայի պէս՝ ստանալով իրեն համար այսպիսի հազվագիւտ նուէր մը: Ըսաւ՝ եթէ այդպէս է, Ջիւանի, ես ալ քեզի համար հիմա կ՚երգեմ ժողովրդական լաւ երգ մը, ու երգեց «Սիրտս նման է էն փլած տներ»ը»:
Օգոստոս-նոյեմբեր, Վաղարշապատ, Թիֆլիզ- Կոմիտաս Մարգարիտ Պապայեանի միջնորդութեամբ համաձայնութեան գալով երաժշտագէտ Փիէռ Օպռիի հետ, կը ձեռնարկէ իր եւ Մ. Աբեղեանի խմբագրած «Հազար ու մի խաղ» խորագրով ժողովածուի (Ա. եւ Բ. յիսնեակ) երգերը (թիւով 100 երգ), եղանակներուն հետ մէկտեղ Փարիզի մէջ հրապարակել ֆրանսերէն ու հայերէն: Երգարանի համար «Հայ ժողովրդական երաժշտութիւնը» խորագրով ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը կը գրէ Կոմիտասը: Երգերու թարգմանութիւնը կը կատարէ Արշակ Չօպանեան:
Նոյն շրջանին, Թիֆլիզ- Կոմիտաս նամակ կը գրէ Փարիզ՝ Արշակ Չօպանեանին եւ կը խնդրէ անոր՝ ֆրանսերէնի թարգմանել «Հազար ու մի խաղ» Ա. յիսնեակի ամբողջ թեքստը, որմէ յետոյ կը ղրկէ նաեւ Բ. յիսնեակը: Կոմիտասը անոր ցուցում կու տայ՝ թարգմանութիւնը կատարել բառացի. «Ես թէեւ հիւանդ, բայց եւ այնպէս պատրաստ եմ մեր ժողովրդական եղանակներու կազմութեան ուսումնասիրութիւնը ժամանակին հասցնել: Յառաջաբանը կ՚ըլլայ շատ ընդարձակ՝ մանրակրկիտ բացատրութիւններով եւ փորագրութիւններով, որպէսզի պարզ ըլլայ մեր ժողովրդական երգերուն ստեղծագործութեան եղանակը եւ հանգամանքը», կը գրէ Կոմիտաս:
Դեկտեմբեր, Վաղարշապատ- Կը հրապարակուի հաղորդագրութիւն, որ բժշկուելու համար Թիֆլիզ մեկնած Կոմիտաս Վարդապետը վերադարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Դեկտեմբեր-յունուար, Էջմիածին- Կոմիտաս կը ձեռնարկէ ընդհանուր տետրի մը մէջ ամփոփել իր հաւաքած, մշակած ու ձայնագրած շարականները: Այդ տետրը «Շարական. հին եղանակներ» ընդհանուր խորագրով կը պարունակէ վարժութիւններ, խազագրումներ, նոթաներ, բացատրութիւններ ու այլ եւ այլ բնոյթի սեւագրութիւններ: Գրառումները կատարուած են մատիտով ու թանաքով:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/պոլիս