Ժընեւի մէջ աւարտած է ուքրանական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու հանդիպումը, ուր քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու «խաղաղութեան ծրագիր»ը։ Ըստ Reuters-ի՝ այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը։
«Կողմերը շատ լաւ աշխատանքային տարբերակ ունին»,– յայտարարած է Ռուպիոն։
Ան պարզաբանած է, որ ներկայիս մասնագէտները կը մշակեն ներկայացուած առաջարկները եւ փոփոխութիւններ կը կատարեն՝ «տարաձայնութիւնները նեղցնելու» եւ լուծման մը մօտենալու յոյսով, որուն կրնան համաձայնիլ եւ՛ Ուքրանիան, ե՛ւ Միացեալ Նահանգները։
Երմաքը հաստատած է, որ հանդիպումն արդիւնաւէտ եղած է, կողմերը շատ լաւ առաջընթաց արձանագրած են եւ շարժած են դէպի արդար եւ տեւական խաղաղութիւն։ Ան նաեւ յաւելած է, որ պատուիրակութիւններու երկրորդ հանդիպումը կը նախատեսուի շուտով։
Ռուպիոն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը վերջին ամիսներուն աւելի յստակ պատկերացում ստացած է այն մասին, թէ որ հարցերը իսկապէս կարեւոր են Ռուսիոյ համար։ Ան նշած է, որ ամերիկեան եւ ուքրանական պատուիրակութիւնները ներկայիս կ՚աշխատին ծրագրի ճշգրտումներուն վրայ, որոնք տակաւին չեն հաստատուած երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն կողմէ։
«Եւ, ի հարկ է, չմոռնանք նաեւ ռուսական կողմը։ Բայց, կրկին, մենք կը կարծենք, որ վերջին ինը ամիսներու ընթացքին մենք նշանակալից ըմբռնում ձեռք բերած ենք որոշ հարցերու շուրջ, որոնք իրօք առաջնահերթութիւն են իրենց համար»,– նշած է Ռուպիոն՝ շեշտելով, որ իւրաքանչիւր ծրագիր պարտադիր կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հաստատումը։