Ռուսիան կողմ է, որ ռուս–հայկական յարաբերութիւնները շարունակեն յաջողութեամբ զարգանալ։ Ինչպէս յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը, այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորական ուղերձին մէջ, որ ան յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ծննդեան կապակցութեամբ։
«Յարգելի Նիկոլ Վովայի, ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներ Ձեր ծննդեան օրուան առիթով: Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի դարաւոր աւանդոյթներու վրայ։ Մենք կողմ ենք, որ այս յարաբերութիւնները շարունակեն յաջողութեամբ զարգանալ՝ ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն»,– գրած է Փութինը։
Ան Փաշինեանին մաղթած է առողջութիւն, երջանկութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւններ պետական գործունէութեան մէջ։