image

«Եղբայրութեան յաւելեալ կամուրջներ». Յոյն Կաթողիկէ ներու Առաջնորդ Իպրահիմ Միխայէլ եպիսկոպոսի այցը ՝Այնճար

«Եղբայրութեան յաւելեալ կամուրջներ». Յոյն Կաթողիկէ ներու Առաջնորդ Իպրահիմ Միխայէլ եպիսկոպոսի այցը ՝Այնճար

Ֆըրզոլ, Զահլէ եւ Պեքա շրջաններու Յոյն Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ ՝ Իպրահիմ Միխայէլ եպիսկոպոս , պաշտօնը ստանձնելէն ետք, իր առաջին պաշտօնական այցը կատարած է հայկական աւան՝ Այնճար։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Այնճարի իր աղբիւրէն։

 Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ ՝ Միխայիլ Եպիսկոպոսին ընկերակցած են գիւղատնտեսութեան նախարարութան գլխաւոր տնօրէն՝ ճարտարագէտ Լուիս Լահուտ եւ Զահլէի առեւտրական միութեան նախագահ՝ Զիատ Սաատէ, ճարտարագէտ Ուասիմ Ռիաշի, Հայր Շարպըլ Ռաշըտ եւ եկեղեցւոյ լրատւութեան պատասխապնատու՝ Խալիլ Աասի։ 

 Այնճարի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, Հոգեւոր Առաջնորդ Սրբազանին համար տեղի ունեցած է մեծ ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդի ներկայացուցիչ՝ Հայր Անանիա վարդ. Գուճանեան, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդի ներկայացուցիչ՝ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թօփալեանը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան, Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հէրկելեան, Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի Այնճարի ներկայացուցիչ՝ Յարութիւն Զէյթլեան, Հ.Յ.Դ.-ի Զահլէի, Պէքայի քաղաքապետերու ներկայացուցիչ՝ Յարութ Լագիսեան, փաստաբան եւ հասարակական-ազգային գործիչ՝Նազարէթ Անտէքեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ազգային Ժողովի ներկայացուցիչներ՝ Վիգի Գարագաշեան եւ Կարպիս Պչաքճեան, Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն՝ Արմէն Թաշճեան, Հայ օգնութեան Խաչի Այնճարի մասնաճիւղի կոմիտէի անդամներ, դատաւոր Սինթիա Քասարժի եւ անոր ամուսինը՝ փաստաբան Ժորժ Ալ-Քասուֆ եւ հրաւիրեալներու  խումբ մը։

 

Հայր Անանիա վարդապետ Գուճանեան ողջոյնի խօսք արտասանելով, ըսած է, թէ Այնճարը մեծապէս ուրախ է եպիսկոպոս Իպրահիմ Միխայէլի եւ անոր պատուիրակութեան այցով, նկատելով, թէ այս պատմական օր մըն է, քանի, որ սոյն այցը սրբազանին առաջին պաշտօնական այցն է Այնճար, եւ այս մէկը Այնճարի եւ Զահլէի միջեւ եղբայրութեան եւ համագործակցութեան կամուրջներու ամրապնդումը կը հանդիսանայ։

 

 

 

 Իր կարգին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան իր խօսքը եզրափակած է ըսելով. «Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ դուք շարժական խունկ էք, որ կ՚օրհնէ բոլորին։ Հետեւելով ձեր աշխատանքներուն, մենք կը նկատենք, որ լիբանանեան բանակը միակը չէ, որ կը պաշտպանէ երկիրը, այլ կան նաեւ անձնաւորութիւններ ՝ ձերդ գերազանցութեան նման, որոնք այս հասարակութեան մէջ ժպիտ, յոյս եւ ուրախութիւն կը ներարկեն»։

 

 

 Իր կարգին Եպիսկոպոս Իպրահիմ իր խօսքի աւարտին ըսած է. «Այսօր, որպէս Լիբանանի քրիստոեաներ, կը հաւատանք, որ Լիբանանը մերն է՝ մեր եւ Տիրոջ ձեռքերուն մէջ է: Մենք բաց ենք ամէն բարի կամքի եւ երկխօսութեան առջեւ, սակայն թոյլ չենք տար ոեւէ մէկուն, որ հատէ կարմիր գիծը, քանի որ մենք բարձր արժանապատւութիւն ունինք, եւ մեր արժանապատւութիւնը կապուած է մարդու արժանապատւութեան հետ, որ Աստուած տուած է իւրաքանչիւր անհատի երբ ստեղծեց երկիրը»։

 

Իպրահիմ Միխայէլ եպիսկոպոս ապա այցելած է Մուսա լերան թանգարան, Այնճանի քաղաքապետարանը, Սուրբ Պօղոս եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ Տիրամօր եկեղեցին եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցին, «Յառաջ Կիւլպէնկեան» վարժարանը եւ Կարմիր Խաչի կեդրոնը։

 

 Աւարտին բարձրաստիճան հիւր-հոգեւոր առաջնորդին ի պատիւ «Ալ-Շամս» ճաշարանին մէջ տեղի ուեցած է պաշտօնական հացկերոյթ։