26 փետրուարի կէսգիշերուան մօտ 1-ին համալսարանական հիւանդանոցէն ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին հաղորդում ստացուած է, որ կրծքավանդակի կտրած-ծակած վէրքով բժշկական օգնութեան դիմած է 36-ամեայ երեւանցի մը։
ՀՀ ոստիկանութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն յայտնած են, որ կեդրոնական բաժնէն քրէական հետախոյզներ գացած են հիւանդանոց։
Ձեռնարկուած տեղւոյն հետախուզական միջոցառումներէն պարզուած է, որ Հիւսիսային պողոտայի ժամանցի վայրերէն մէկուն մէջ միջադէպ եղած է։ 19-ամեայ երիտասարդ մը ակումբին մէջ ատրճանակէն կրակած է, ակումբի ղեկավարը միջամտած ու սկսած է վէճ։
Այդ ընթացքին երիտասարդը դանակով խփած է ղեկավարին։ Ժամեր անց երիտասարդը յայտնաբերուած է ու ձերբակալուած։ Անոր մօտ ատրճանակ ու ծալովի դանակ եղած է:
Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Երիտասարդը եւ դէպքի առթիւ կազմուած փաստաթուղթերը ներկայացուած են տարածքային քննչական բաժին։ Հանգամանքները քննութեամբ կը պարզուին։