Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները 27 նոյեմբերի ժամը 19։35-էն 28 նոյեմբերի ժամը 08։10-ի ժամանակահատուածին կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի, Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաուած տարածքներուն տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւն է։
Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: