image

Կիպրոս. Յատուկ ուշադրութիւն՝ Փաֆոսի հայ մատղաշ սերունդին. Սաները ընդունած է Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Հ. Յովհհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան

Կիպրոս. Յատուկ ուշադրութիւն՝ Փաֆոսի  հայ մատղաշ սերունդին. Սաները ընդունած է Լիմասոլի եւ Փաֆոսի  հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Հ. Յովհհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան

 Հոգեւոր եւ ազգային  աշխոյժ գործունէութեան ծիրէն ներս  Լիմասոլի եւ Փաֆոսի  հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Հ. Յովհհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան օրերս ընդունած է Փաֆոսի միօրեայ վարժարանի սաները։ 

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Կիրակի 19 Հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, Փաֆոսի միօրեայ վարժարանի աշակերտութեան եւ Համազգայինի պարախումբին փոխանցեց Թարգմանչաց տօնի խորհուրդը։ Որմէ ետք, հայր Սուրբը օրուայ խորհուրդէն ներշնչուած օրհնեց աշակերտութիւը եւ ծնողները։

Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Իրինա Մասուրեանի անձնուէր ծառայութեան ։

 Իր կարգին միօրեայ վարժարանի դասախօս Պր. Եղիա Գայայեան խօսեցաւ թարգմանչաց տօնի պատմականը եւ ըսաւ, «Հայ եկեղեցին տարին երկու անգամ կը տօնէ թարգմանիչներու տօնը: Անոնք են` Տօն սրբոց թարգմանչացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրովբայ, որ կը տօնուի Հոգեգալստեան տօնի չորրորդ կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը, եւ Տօն սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց, որ կը տօնուի Խաչվերացի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:

Թարգմանչաց տօնը կը խորհրդանշէ հայերէն գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումը եւ հայ դպրութեան սկզբնաւորումը: Կը տօնուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն` Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը:

Թարգմանչաց շարժման շնորհիւ ծաղկեցան հայ մտքի գագաթները, որոնցմէ է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ստեղծագործութիւնը հայ գրականութեան պատմութեան մէջ բացառիկ ու անկրկնելի երեւոյթ է»։