Կիպրոս բնակող Մելգոնեան վարժարանի նախկին սաներ այսօր նշած են վարժարանի բարերար եղբայրներուն՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Աղա Մելգոնեաններուն յիշատակը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Նիկոսիոյ մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ յիշատակի այսօրուան արարողութիւնը սկիզբ առած է Նիկոսիոյ Առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան կարգով , որմէ ետք ներկաներ մեկնած են ներկայիս փակ վիճակի մէջ գտնուող վարժարանի փակը եւ ծաղիկներ դրած բարերար եղբայրներու կիսանդրիին առջեւ:Նշենք, որ Մելգոնեանցիներուն համար աւանդութիւն դարձած է ամէն տարուան Յունուարին ոգեկոչել անմահ բարերարներուն յիշատակը: Նշենք նաեւ, որ նմանօրինակ ոգեկոչման հաւաքներ տեղի ունեցած են նոյնպէս Պէյրութի եւ Լոս Անճելոսի մէջ: