image

Լեհաստանը յունուար 1-էն ստանձնած է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը

Լեհաստանը յունուար 1-էն ստանձնած է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը

Լեհաստանը յունուար 1-էն վեց ամիս ժամկէտով ստանձնած է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:

Նախագահութեան ընթացքին, որ պիտի անցնի «Անվտանգութիւն, Եւրոպա» կարգախօսի ներքոյ, Վարշաւան պիտի կեդրոնանայ անվտանգութեան եօթ ուղղութիւններու վրայ՝ արտաքին, ներքին, տեղեկատուական, տնտեսական, ուժանիւթային, պարէնային եւ բժշկական:

Լեհաստանի նախագահութիւնը կը համընկնի ԵՄ նոր գումարման հիմնարկներու աշխատանքի հնգամեայ շրջանի մեկնարկի հետ, որ հնարաւորութիւն կու տայ ռազմավարական նպատակներ դնել, լուծումներ առաջարկել եւ գործընթացներ սկսիլ յառաջիկայ հինգ տարիներու համար:

Յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին Լեհաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան 300 վարչական եւ նախարարական հանդիպումներ, այդ շարքին՝ ԵՄ խորհուրդի 22 ոչ պաշտօնական նիստ՝ անդամ երկիրներու նախարարներու մասնակցութեամբ:

Լեհաստանի նախագահութեան մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունուար 3-ին՝ Վարշաւայի մէջ: