image

Խմբագրական «Զգոյշ»- ի. Մարդկութեան խլացնող լռութիւնը

Խմբագրական «Զգոյշ»- ի. Մարդկութեան խլացնող լռութիւնը

Արդի աշխարհին մէջ, ուր լուրերը հնարաւորութիւն ունին ազատօրէն շրջելու եւ օրական 24 ժամ լոյս սփռելու միջազգային անցուդարձերուն վրայ, մենք ականատես կը դառնանք անթիւ անարդարութեանց ու ճնշումներու` երկրագունդի այս կամ այն անկիւնը, այս կամ այն ժողովուրդին ու հաւաքականութեան դէմ: Լուրերը կը տարածուին շատ արագ, բայց երբ վերնագիրները կ՛անցնին վարագոյրին ետեւ, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ինչո՞ւ մարդկային գիտակցութիւնը մտահոգիչ չափերով անտարբեր կը մնայ այդ անարդարութիւններուն նկատմամբ:

Համաշխարհային այս անտարբերութեան կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ 19 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի անակնկալ յարձակումը Արցախի վրայ, եւ բռնի տեղահանութիւնը անոր 120.000 հայ ազգաբնակչութեան դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն. վկայութիւն մը` աշխարհի բարոյական անզգայութեան եւ սնանկութեան մասին: Այս ողբերգութեան շուրջ տիրող միջազգային լռութիւնը խլացուցիչ է:

Սկզբունքով արդարութեան, կարեկցանքի եւ մարդկային իրաւունքներու արժէքներով առաջնորդուող այս աշխարհին մէջ, առնուազն այդպէս կը ներկայացուի, մենք յաճախ շփոթի կը մատնուինք, թէ ինչպէ՞ս միջազգային հանրային կարծիքը կը կողմնորոշուի` յօգուտ ճնշողներուն եւ նախայարձակներուն: Անտարբերութի՞ւն, աշխարհաքաղաքական շահե՞ր, թէ՞ կրկնուող անարդարութիւնները վարժութեան եւ անզգայութեան առաջնորդած են մարդկային խիղճը:

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գիտակցի իր ունեցած բարոյական պատասխանատուութեան. ան պէտք է ձգտի վերջ դնելու անտարբերութեան շրջափուլին եւ սկզբունքային դիրքորոշում ցուցաբերելու ճնշողներուն եւ ընդհանրապէս անարդարութեանց դէմ: Մասնաւորաբար տակաւին բարոյական սկզբունքներու հաւատացող միջազգային մամուլը` իբրեւ մարդկային գիտակցութեան պահակ, ճիգ պէտք չէ խնայէ կոտրելու լուռ մեղսակցութեան այս շղթան:

Աշխարհի մը մէջ, որ կարծես տարուած է ակնթարթային գոհունակութեամբ եւ վաղանցիկ լուրերով, մենք պէտք է զմեզ յիշեցնենք, որ անարդարութիւններու շուրջ լռութիւնը գիտակցուած ընտրութիւն մըն է, զոր մենք կրնանք փոխել: Բարձրացնելով մեր ձայնը, զօրավիգ կանգնելով ճնշուածներուն եւ հետեւողականօրէն արդարութիւն պահանջելով` մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք, որ աշխարհի գիտակցութիւնը դառնայ բարիին ծառայող ուժ մը. նուազագոյնն է այդ, որ կարելի է ընել Արցախի եւ աշխարհի տարածքին անհամար այլ հակամարտութիւններու զոհերուն համար:

Տակաւին, անհրաժեշտ է օգնութեան ձեռք երկարել Արցախէն բռնի տեղահանուած 120.000 հայերուն, որոնք ներկայիս ապաստանած են Հայաստան: Մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը, անոնց վերաբնակեցման աջակցիլը եւ անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան եւ միջազգային ընտանիքի պարտաւորութիւններուն մաս կը կազմեն: Ժամանակն է գործելու համերաշխ եւ կարեկցանքով` մեղմելու անոնց տառապանքը եւ օգնելու, որ վերականգնելէ ետք իրենց կեանքը, անոնք Արցախ վերադառնալու վճռականութիւնը դարձնեն առօրեայ ապրում:

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն