Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի հետ քննարկած է Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ հակամարտութիւնը՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդին ըսելով, որ Իսրայէլի հարուածները Կազայի վրայ «հասած են կոտորածի աստիճանի»,եւ որ միջազգային հանրութեան լռութիւնը «ամօթ է մարդկութեան համար»։ Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:
Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ բոլորը պէտք է աջակցին Կազայի անմեղ խաղաղ բնակիչներուն անխափան օգնութիւն հասցնելու ջանքերուն:
Էրտողան կրկնած է Թուրքիոյ դիրքորոշումն այն մասին, որ հակամարտութեան վերջանական լուծումը կրնայ ըլլալ միայն անկախ Պաղեստին պետութեան ստեղծման միջոցով։