image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Քոչարեան իզուր իշխանութեան վերադարձի յոյսեր կը փայփայէ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Քոչարեան իզուր իշխանութեան վերադարձի յոյսեր կը փայփայէ

Խորհրդարանական «Հայաստան» դաշինքը որոշած է 2026-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցիլ նոյն ձեւաչափով` Ռոպերթ Քոչարեանը ունենալով որպէս իր վարչապետի թեկնածուին: Ռոպերթ Քոչարեանն ու ՀՅԴ-ն որոշած են շարունակել իրենց համագործակցութիւնը, որոնց միացած է նաեւ «Առաջ» կուսակցութիւնը:

Այս առթիւ պէտք է վերաքաղ մը ընել Ռոպերթ Քոչարեանի անձնական ու քաղաքական կենսագրութեան, որոնց առանցքը կը կազմէ երկրի հարստութեան իւրացումը իր եւ իր շրջապատին կողմէ, ու մենատիրական համակարգի մը հաստատումը:

Քոչարեան Արցախէն գալով Հայաստան երկու անգամ` 1998-ին եւ ապա 2003-ին կեղծուած ընտրութիւններով գրաւեց նախագահի աթոռը: Այդ տարիներուն իր կուտակած հարստութեամբ ան դարձաւ Հայաստանի ամենէն հարուստ մարդը ու կը շարունակէ մնալ այդպիսին:

Ան Հայաստանի մէջ հիմը դրաւ քրէաօլիկարխիկ համակարգին մը, որուն արդիւնքը եղաւ այն, որ երկրին հարստութիւնը կեդրոնացաւ սահմանափակ թիւով իր կողմնակիցներուն մօտ« որոնք դարձան իր իշխանութեան հիմնական յենարանը` զուրկ ժողովրդային աջակցութենէն ու համակրանքէն:

Քոչարեանի իշխանութիւնը յատկանշուեցաւ երկու առունալի իրադարձութիւններով` «Հոկտեմբեր 27» եւ «Մարտի 1», որոնցմէ առաջինին զոհ գացին երկրի ամբողջ վերնախաւը` Ազգային Ժողովի նախագահով, վարչապետով ու աւելի քան տասը կառավարութեան անդամներով: Երկրորդի պարագային հերթական կեղծուած ընտրութիւններէն ետք, ժողովրդային բողոքի շարժումը խեղդուեցաւ բանակը հանելով ցուցարարներու դէմ, որոնց ընթացքի Երեւանի փողոցներուն վրայ սպաննուեցան տասը քաղաքացիներ: Ընդհանուր առմամբ Քոչարեանի իշխանութեան տարիներուն տեղի ունեցան 39 քաղաքական սպանութիւններ:

Ան իր իշխանութեան տարիներուն կնքեց «գոյք պարտքի դիմաց» գործարքը` Ռուսաստանին յանձնելով երկրի ռազմավարական նշանակութեան` ուժանիւթի, ելեքտրական ու գիտահետազօտական ոլորտի հիմնարկներ: Այդ բոլորը տեղի ունեցան խորհրդային ժամանակներէն մնացած 95 միլիոն տոլար պարտքի դիմաց, հակառակ որ անոնց իսկական արժէքը կը գնահատուէր մի քանի անգամ աւելի բարձր:

Քոչարեանի օրօք փակուեցան «Ա1» եւ «Նոյեան Տապան» հեռատեսիլի ալիքները, որոնք «ինթըրնէթէն» առաջ կը նկատուէին երկրի միակ անկախ լրատուամիջոցները: Մամուլն ու անձնական ազատութիւնները ենթարկուեցան սահմանափակումներու ու երկրէն ներս հաստատուեցաւ վախի մթնոլորտ:

Քոչարեան ամէն առիթով կը յոխորտայ, թէ ինք եղած է յաղթած երկրի նախագահ հակառակ անոր, որ Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը կերտուած էր իր ժամանակէն առաջ: Անոր  պաշտօնավարման տարիներուն է որ, սկսաւ Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերու կտրուկ բարձրացումը եւ ապա ուժերու հաւասակշռութեան խախտումը, որ աւելի խորացաւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներուն: Եթէ Քոչարեանն ու Սարգսեանը փորձէին նուազագոյն չափով բանակի ու սպառազինութեան վրայ ուշադրութիւն դարձնել, այսօր Արցախի ճակատագիրը կրնար տարբեր ըլլալ:

Այս բոլորը տակաւին թարմ են ժողովուրդի յիշողութեան մէջ ու Քոչարեան կը մնայ մերժուած կերպար մը, որ կը շարունակէ գործել քաղաքական թատերաբեմին վրայ շնորհիւ իր ունեցած նիւթական միջոցներուն ու լրատուական լայն ցանցին:

Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ  Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի վերջին հարցախոյզին համաձայն Նիկոլ Փաշինեանի 29 տոկոսէն ու Սամուէլ Կարապետեանի 11 տոկոսէն ետք Քոչարեանի հաւանական ընտրողներու թիւը կը գնահատուի 4 տոկոս« որ բաւարար չէ նոյնիսկ Խորհրդարան մուտք գործելու համար: Նախորդ ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքի ստացած  21 տոկոս ընտրողներէն  շատեր  այժմ անցած են Ռուսաստանցի միլիառատէր` Սամուէլ Կարապետեանի կողմը, որուն կենսագրականը նուազ խոցելի է` քան Քոչարեանինը:  Այդ պատճառաւ Փաշինեանէն դժգոհները պիտի նախընտրեն իրենց ձայնը տալ Կարապետեանին, որուն ընտրական յոյերը շատ աւելի մեծ են:

Որքան որ ալ վերադարձի յոյսեր փայփայէ, այսօրուան դրութեամբ Ռոպերթ Քոչարեանի ու իր գլխաւորած դաշինքի Խորհրդարան մուտքի հաւանականութիւը օրէ-օր կը նուազի` իր տեղը զիջելու համար ընդդիմադիր այլ ուժերու:

 

Գրիգոր Խոտանեան

03/19/2026