image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Քսան կախաղաններուն ուղիով

Խմբագրական «Մասիս»ի. Քսան կախաղաններուն ուղիով

Անգամ մը եւս կը խոնարհինք Քսաններու եւ մեր բոլոր նահատակներու յիշատակին առջեւ ու լաւատեսութեամբ կը նայինք մեր Հայրենիքի ու ժողովուրդի ապագային: Այն ինչ որ չկարողացան իրագործել մեր թշնամիները` անցեալ դարու սկզբնաւորութեան, պիտի չկարողանան իրականացնել նաեւ այսօր:

Քսաններու նահատակութեամբ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կորսնցուց իր գրչի, միտքի ու բազուկի ընտրանին ու զրկուեցաւ անոնց կազմակերպչական կարողութիւններէն, սակայն մնաց հաւատարիմ անոնց ընտրած ուղիին ու գաղափարախօսութեան:

Հնչակեան Կուսակցութիւնը այս օրերուն կը նշէ 1915-ի Յունիս 15-ին, Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացած քսան տիտաններուն նահատակութեան 109-րդ տարելիցը: Քսանները եղան առաջինը, որոնք ահազանգեցին հայութեան սպառնացող արհաւիրքը ու փորձեցին կանխել զայն` ահաբեկելով Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ղեկավարութիւնը: Դժբախտաբար անոնք չյաջողեցան լրումին հասցնել իրենց ծրագիրը ու յայտնուեցան բանտերու մէջ եւ ապա կախաղաններու վրայ:

Այդ օրերուն նահատակուեցան ոչ միայն Հնչակեան կարկառուն գործիչները, այլ եւ` ամբողջ ազգը Հայոց: Թրքական ազգայնամոլ իշխանութիւնները գործադրութեան դրին իրենց հայաջինջ ծրագիրները` տեղահան ընելով ու անապատներու կիզիչ արեւին տակ մահուն առաջնորդելով միլիոնաւոր Հայեր:

Քսանները իրենց ետին ձգեցին հարուտ կտակ մը, որուն հաւատարիմ մնաց Կուսակցութիւնը անցնող տասնամեակներուն ու կը շարունակէ մինչեւ օրս: Այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մասնակի իրականացում է Քսաններու երազած հայրենիքին ու ՍԴՀԿ զօրաւիգ կը կանգնի հայոց պետականութեան ու իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը սատարէ անոր անկախութեան ու ինքնիշխանութեան:

Անոնք, որոնք կը քննադատեն Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայ վարած քաղաքականութիւնը ծանօթ չեն մեր պատմութեան: ՍԴՀԿ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին չէ ծառայած այլ պետութիւններու շահերուն եւ նպատակ չունի հրաժարելու այդ ուղեգիծէն: Երեւանի փողոցներուն վրայ ընթացող արկածախնդրական շարժումներուն հետ չենք կրնար ըլլալ, քանի որ անոնք ուղղուած են Հայ ժողովուրդի ու անոր պետականութեան դէմ:

Ժողովրդավարութիւնը եղած է Քսաններու դաւանած սկզբունքներուն հիմնաքարը: Շնորհիւ ժողովրդավարութեան Հայաստանի քաղաքացիները ընտրած են իրենց իշխանութիւնը: Այդ իշխանութիւնը վաղը կրնայ հեռացուիլ նոյն այդ քաղաքացիներու ազատ կամքի արտայայտութեամբ: Մենք կը զարմանանք անոնց վրայ, որոնք կը զարմանան թէ ի՞նչու ժողովուրդը չի միանար իրենց շարժումին: Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է: Նման ինքնանպատակ շարժումները չեն նպաստեր Հայաստանի գերագոյն շահերուն: Այն պահուն երբ արտաքին վտանգները կը սպառնան Հայրենիքի գոյութեան մեր բոլորի ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ներքին անդորրի պահպանութեան, տնտեսութեան բարելաւման, բանակի հզօրացման ու մեզի դաշնակից ու բարեկամ երկիրներու թիւի աւելացման: Աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններուն առջեւ Հայաստան պէտք է ունենայ ազատութիւնը` իր արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու բացառապէս իր երկրի ու ժողովուրդի ազգային շահերէն մղուած:

Անգամ մը եւս կը խոնարհինք Քսաններու եւ մեր բոլոր նահատակներու յիշատակին առջեւ ու լաւատեսութեամբ կը նայինք մեր Հայրենիքի ու ժողովուրդի ապագային: Այն ինչ որ չկարողացան իրագործել մեր թշնամիները` անցեալ դարու սկզբնաւորութեան« պիտի չկարողանան իրականացնել նաեւ այսօր:

Քսաններու նահատակութեամբ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կորսնցուց իր գրչի, միտքի ու բազուկի ընտրանին ու զրկուեցաւ անոնց կազմակերպչական կարողութիւններէն, սակայն մնաց հաւատարիմ անոնց ընտրած ուղիին ու գաղափարախօսութեան:

Քսանները կախաղանի վրայ իրենց վերջին խօսքը արտասանելով ըսին, թէ քսան հազարներ պիտի գան իրենց գործը շարունակելու: Այդ մարգարէական խօսքերէն տասնամեակներ ետք ՍԴՀԿ կը շարունակէ իր յաղթական երթը միշտ հաւատարիմ` անոնց պատգամներուն:

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»