Հայաստանի համար կազի գինը կրնայ զգալիօրէն բարձրանալ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը:
«Հայաստանը պէտք է հաշուի առնէ գործող կազատարներու երթուղիներն ու հնարաւոր մաքսատուրքերը։ Ռուսական կազի շուկայական գինով մատակարարման եւ միջնորդներու ներգրաւման պարագային Հայաստանի համար կազի գինը կրնայ զգալիօրէն բարձրանալ»,-ըսած է ան։