image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Սահմանազատման գործընթացի այլընտրանքը եւ 94-ի հրադադարը

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Սահմանազատման գործընթացի այլընտրանքը եւ 94-ի հրադադարը

Երէկ ամբողջացաւ 1994-ի հրադադարի համաձայնութեան 30-ամեակը: Այդ հրադադարը հետագայ վերահաստատումներով կը նուիրականացնէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող շփման գիծը: Միջազգային ճանաչում ունեցող այդ շփման գիծի անտեսումը կը բխէր Պաքուի շահերէն: Պաքուի իշխանութիւնները մինչեւ վերջ, մինչեւ Վիեննա եւ Ս. Փեթերսպուրկ աշխատեցան չէզոքացնել այդ որոշումները: Պաքուի կողմէ հրադադարի անվերջանալի խախտումները, յարձակումները, պատերազմական գործողութիւններու շղթայազերծումները նպատակ ունէին  չեղարկել 1994-ի հրադադարի փաստաթուղթը եւ ատով իսկ առ ոչինչ յայտարարել միջազգայնօրէն ընդունուած շփման գիծը: Պաքուի ռազմաքաղաքականութիւնը այս պատճառներով ալ Արցախի շփման գիծերէն պատերազմը կը փորձէր տեղափոխել Հայաստան-Ազրպէյճան պետական շփման գիծ, շրջելու համար միջազգային ընտանիքին կողմէ հաստատուած սահմանային դրոյթը:

 

 

 

 

Սահմանազատման գործընթացի կասեցման պահանջին անպայման պէտք է զուգակցել այլընտրանքային առաջարկ ծրագիր, որպէսզի իշխանութիւններու առաջ մղած այն վարկածը, որ սահմանազատման կասեցումը համազօր է պատերազմի յայտարարութեան, չէզոքացուի:

Պէտք է առաջին հերթին արձանագրել`

Սահմանազատումը կ՛ընթանայ միակողմանի զիջումներով: Փոխանակումը այստեղ գետնի վրայ ենթահող չունեցող տեսութիւն է: Հայկական կողմը կը յանձնէ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ, դիմացը ոչինչ ստանալով:

Սահմանազատումը կը պարտադրուի հայկական կողմին: Ազրպէյճան որեւէ ձեւով չի խօսիր իր կողմէ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու ներխուժուած ըլլալու մասին:

Պաքուն կը յայտարարէ, որ առանց որեւէ կրակոցի հայկական կողմէն կը ստանայ չորս գիւղեր, եւ սահմանազատման գործընթացը կ՛ընթանայ իր ճշդած կանոններով: Որքան ալ ներքին լսարանին համար կատարուած ըլլայ այս յայտարարութիւնը, յամենայն դէպս կ՛ընդգծէ փաստացի իրողութիւնը:

Սահմանազատումը կ՛իրականանայ հատուածական եւ ոչ ամբողջական: Չէ մշակուած եւ կնքուած որեւէ պայմանագիր, որուն հիմամբ պիտի ընթանան սահմանազատման գործողութիւնները:

Ալմա Աթային պաշտօնապէս յղում կը կատարէ միայն Երեւանը, մինչ Պաքուն որեւէ պաշտօնական յայտարարութեամբ կամ գրաւոր յանձնառութեամբ չի խօսիր Ալմա Աթայի մասին:

Նոյն տրամաբանութեամբ Երեւանը թուային միաւորներով կը սահմանէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնները: Փոխադարձ կարգով Պաքուն նման միաւորներ չի նշեր որեւէ առիթով:

Չի յարգուիր Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը, որ վարչատարածքային փոփոխութիւններուն համար կը պահանջէ հանրաքուէի կազմակերպում:

Երէկ ամբողջացաւ 1994-ի հրադադարի համաձայնութեան 30-ամեակը: Այդ հրադադարը հետագայ վերահաստատումներով կը նուիրականացնէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող շփման գիծը: Միջազգային ճանաչում ունեցող այդ շփման գիծի անտեսումը կը բխէր Պաքուի շահերէն: Պաքուի իշխանութիւնները մինչեւ վերջ, մինչեւ Վիեննա եւ Ս. Փեթերսպուրկ աշխատեցան չէզոքացնել այդ որոշումները: Պաքուի կողմէ հրադադարի անվերջանալի խախտումները, յարձակումները, պատերազմական գործողութիւններու շղթայազերծումները նպատակ ունէին  չեղարկել 1994-ի հրադադարի փաստաթուղթը եւ ատով իսկ առ ոչինչ յայտարարել միջազգայնօրէն ընդունուած շփման գիծը: Պաքուի ռազմաքաղաքականութիւնը այս պատճառներով ալ Արցախի շփման գիծերէն պատերազմը կը փորձէր տեղափոխել Հայաստան-Ազրպէյճան պետական շփման գիծ, շրջելու համար միջազգային ընտանիքին կողմէ հաստատուած սահմանային դրոյթը:

Ալմա Աթային յղում կատարելով Երեւանը եւս կը միանայ 1994-ի համաձայնութեամբ եւ միջազգային ճանաչում ունեցած շփման գիծը ջնջելու Ազրպէյճանի ճիգերուն: Եթէ ճիշդ ընկալուէր միջազգային ընտանիքին կամ աւելի ուղղակի` Միացեալ Նահանգներու կամ հաւաքական Արեւմուտքի ակնկալութիւնը այս բոլորէն, ապա պիտի նկատուէր, որ սահմանազատման գործընթացը երկկողմ ձեւաչափով իրականացնելը սերտօրէն կապուած է ռուսական սահմանապահ ուժերու հեռացումին կամ ընդհանրապէս բանակցութիւններէն ռուսական գործօնի դուրս մղման աշխարհաքաղաքականութեան հետ:

1994-ի հրադադարով միջազգայնօրէն ճանչցուած շփման գիծը ուրեմն կարելի էր հիմք նկատել  սահմանազատման բանակցութիւններուն համար:

Այլընտրանքային ծրագիրին ելակէտը անհրաժեշտ է նկատել 1994-ի շփման գիծը: Ալմա Աթան որեւէ տեղ չէ օգտագործած պետական սահման բառակապակցութիւնը. ո՛չ ալ վարչական սահման ըսելաձեւը: Ըստ էութեան, գոյութիւն չունին պետական սահմաններ:

1994-ի հրադադարը վերահաստատող որոշումներուն մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի թափարգելային (պուֆերային) գօտիի ձեւաւորման մասին: Այս մէկը անհրաժեշտութիւն է, նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան ոտնահարած է եւ կը շարունակէ ոտնահարել իր կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնները:

Սահմանազատման կասեցման եւ նոր սահմանազատման գործընթացի համար ուրեմն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալները.

Ա.- Գործընթացը սկսելու համար ազրպէյճանական զօրքերը պէտք է հեռանան ներխուժուած տարածքներէն:

Բ.- Սահմանազատման համար նախ յանգիլ ընդհանուր համաձայնութեան եւ ոչ  թէ սկսիլ հատուածական բաժինով:

Գ.- Ազրպէյճանի վարքագիծը նկատի ունենալով եւ յղում կատարելով նախորդ որոշումներուն առաջադրել թափարգելային գօտի, զատուող սահմաններուն միջեւ, կանխարգիլելու համար նոր յարձակումները:

Դ.- Սահմանազատման համար հիմք ընդունիլ 1994-ի հրադադարին ընդունած եւ միջազգային հաստատում ունեցող շփման գիծը:

Ընթացքի մէջ եղող գործընթացը կասեցնելու եւ նոր ելակէտի վերադառնալու համար զանգուածային բողոքը հրամայական է: Նոր սահմաններ կը պարտադրուին մեր հանրապետութեան: Պարտադրանքի այս ընթացքը փոխելու համար անհրաժեշտ է սկսուած շարժումի համաժողովրդայնացումը: