Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ հաւանաբար պիտի չերկարաձգէ ապրիլ 7-ին Իրանի մէջ հաստատուած հրադադարը եւ պիտի չբանայ Հորմուզի նեղուցը, եթէ մօտ ապագային գործարք չկնքուի: Ան հերթական անգամ կրկնած է, որ Իրան պէտք է հրաժարի միջուկային զէնք ունենալու ծրագրերէն, իսկ հարստացուած ուրանի դուրսբերումը, ըստ Թրամփի, երկար եւ բարդ գործընթաց պիտի ըլլայ:
«Մենք կը յաղթենք պատերազմին, ամէն ինչ շատ լաւ կ՚ընթանայ, մեր բանակը հիանալի արդիւնքներ գրանցած է», - շեշտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Սպիտակ տան ղեկավարի խօսքով՝ Իրանի նաւատորմը, ռազմաօդային ուժերը, հակաօդային պաշտպանութիւնը ոչնչացուած են, եւ Հանրապետութեան մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունեցած է:
«Իրանի շրջափակումը պիտի շարունակուի, քանի դեռ գործարք չկայ: Սակայն ես թոյլ չեմ տար, որ դեմոկրատները շտապեցնեն Միացեալ Նահանգները՝ կնքելու այնպիսի գործարք, որ այնքան ալ լաւ չըլլայ», - աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ նշած է, որ Թեհրանի հետ նոր գործարքը շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, քան Պարաք Օպամայի կնքած միջուկային համաձայնագիրը:
«Մեր գործարքը պիտի երաշխաւորէ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ ապահովութիւն ոչ միայն Իսրայէլի եւ Մերձաւոր Արեւելքի, այլեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի համար», - ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը, եւ եզրափակած՝ եթէ Իսլամական Հանրապետութեան նոր առաջնորդները խելացի ըլլան, Իրանը կրնայ պայծառ ապագայ ունենալ։