image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Բռնագրաւեալ Կիպրոսը՝ Մոսկուա –Անգարա Յարաբերութիւններու Արանքին

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Բռնագրաւեալ Կիպրոսը՝ Մոսկուա –Անգարա Յարաբերութիւններու Արանքին

Բռնագրաւեալ Կիպրոսի թրքական իշխանութիւններուն անունով փոխադրամիջոցներու նախարարը յայտարարութիւն կատարած է առ այն, որ Ռուսիոյ հիւպատոսական ծառայութիւններու մեկնարկը բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ ի վերջոյ պիտի յանգի Ռուսիոյ դաշնութեան կողմէ բռնագրաւեալ Կիպրոսի ճանաչումին: Իբրեւ հիմնաւորում ան նշած է, որ Խորհրդային Միութիւնը առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը եւ թէ հիմա եւս չի բացառուիր, որ նոյնը տեղի ունենայ:

Այս յայտարարութեան նախորդած էր Կիպրոսի մէջ ռուսական դեսպանութեան հրապարակած յայտարարութիւնը, որուն համաձայն` Ռուսիան կը սկսի կանոնաւոր հիմունքներով հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցել  կղզիի հիւսիսային, թրքաբնակ շրջաններուն մէջ:

Իսկ դեսպանութեան հրապարակումին նախորդած էր Թուրքիոյ նախագահին ակնկալութիւնը, որ Կիպրոսի հարցի հանգուցալուծման միտուած բանակցութիւններու ձեռնարկելէն առաջ պէտք է ճանչնալ հիւսիսային Կիպրոսը:

Խնդիրը ուրեմն ուղղակիօրէն կը տեղադրուի Անգարա-Մոսկուա յարաբերութեան գիծին վրայ: Էրտողանը ակնկալութիւն կը յայտարարէ, Մոսկուան հիւպատոսական ծառայութիւն բանալու մասին կը խօսի:

Կան այլ հանգամանքներ եւս, որոնք կրնան կապուիլ հիւպատոսական ծառայութիւններուն հետ: Որոշ գնահատականներու համաձայն, թրքական ինքնահռչակ հանրապետութեան տարածքին մէջ շուրջ յիսուն հազար Ռուսիոյ քաղաքացիներ հաստատուած են: Ռուսական դրամագլուխի առկայութիւնը Կիպրոսի առընթեր բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ երեւոյթի կը վերածուի:

Բայց խնդիրը սուր կերպով քաղաքական է եւ նաեւ միջազգային ընտանիքին ուղերձ կը փոխանցէ: Նախ անշուշտ Մոսկուա-Անգարա քաղաքական առեւտուրի պարունակին մէջ կարեւոր կէտ է, ապա  միջազգային մեկուսացման ենթարկուող Ռուսիոյ համար օգտագործելի քայլ:

Քանի մը դիտարկում կարելի է արձանագրել այս յայտարարութիւններուն առիթով: Նախ նշենք, որ բռնագրաւեալ Կիպրոսէն հնչած յայտարարութիւնը փոխադրամիջոցներու նախարարութեան մակարդակով է: Տակաւին պաշտօնապէս բռնագրաւեալ Կիպրոսի իշխանութիւններու ակնկալութիւնը Ռուսիայէն չէ ձեւակերպուած: Երկրորդ` հիւպատոսական ծառայութիւնը դէպի ճանաչումի քայլ յուսալիութեան սահմաններուն մէջ կատարուող այս յայտարարութիւնը անպայման իրաւական գործընթացի մը մեկնարկը չ՛ենթադրեր դէպի ճանաչում առաջնորդող: Կ՛արժէ այստեղ յիշել բռնագրաւեալ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին անմիջական հակազդեցութիւնը, թէ հիւպատոսական ծառայութիւններու հաստատումը  պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչում:

Այս մէկը քաղաքական այլ մեկնաբանութեամբ ալ կարելի է ընկալել: Կանխարգիլել միջազգային հակազդեցութեան ալիքի բարձրացումը Ռուսիոյ կողմէ հիւպատոսական ծառայութեան բացումին:

Յամենայն դէպս յայտարարութիւններու շարքը պէտք է նկատի ունենալ` յաջորդականութեան տրամաբանութեամբ: Հիւպատոսական ծառայութեան բացման մասին ռուսական դեսպանութիւն, փոխադրամիջոցներու նախարար, Էրտողան եւ ապա արտաքին գործոց նախարար (նախարարները` բռնագրաւեալ Կիպրոսի): Չմոռնանք, որ երկու տարի առաջ Թուրքիոյ նախագահը բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ յայտարարեց «Մէկ ազգ երեք պետութիւն» բանաձեւը, փոխան «Մէկ ազգ երկու պետութեան»: Ազրպէյճանը չարձագանգեց, եւ փաստօրէն այդ բանաձեւը չարծարծուեցաւ Թուրքիոյ, բռնագրաւեալ Կիպրոսի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ: Ազրպէյճանը Արցախի հանգամանքներէն մեկնած չառաւ այդ քայլը եւ չճանչցաւ բռնագրաւեալ Կիպրոսը:

Ռուսիայէն ակնկալութիւնը անշուշտ նկատի ունի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ Ռուսիոյ այսօրուան պատկերը: Հիւպատոսական ծառայութիւնը պաշտօնական ճանաչում չէ: Բայց դէպի ճանաչում տանող քայլ կրնայ նկատուիլ իբրեւ խաղաթուղթ Մոսկուայի Անգարայի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն ընթացքին:

Ճանաչումը այս պարագային կրնայ նաեւ Անգարայի համար պահանջ ըլլալ աշխարհագրական այլ միջավայրի մէջ ակնկալուող զիջումի դիմաց: Մանաւանդ որ Կիպրոսի հարցի լուծման համար Էրտողան միջազգային ընտանիքին ճանաչումի պահանջ կը դնէ իբրեւ նախապայման: