Այսօր առաւօտեան երկու երկրաշարժ տեղի ունեցած է Վրաստանի արեւմուտքին մէջ։
Այս մասին յայտնած է «Սփութնիք Կրուզիա»ն:
3,1 ուժգնութեամբ առաջին ցնցումները գրանցուած են տեղական ժամանակով ժամը 08:08-ին Զեմօ Քարապուլակի գիւղին մէջ: Օճախը գտնուած է 5 քմ խորութեան վրայ:
3,9 ուժգնութեամբ երկրորդ երկրաշարժը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով 09:32-ին Ապանօ գիւղին մէջ։ Օճախը գտնուած է 7 քմ խորութեան վրայ: