Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին ուղղութեամբ Իրանի դիրքորոշումը փուլ առ փուլ կը սաստկանայ, անշուշտ առայժմ հռետորաբանական մակարդակի վրայ: «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի ուղղութեամբ Թեհրանի դիրքորոշումը որոշ հոլովոյթէ կ՛անցնի:
Այսպէս. Իրանը նախ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ իր դարաւոր սահմանի որեւէ փոփոխութեան դէմ է: Ապա այլ բաղադրիչներ ներառուեցան այս դիրքորոշումին: Թեհրանը դէմ է տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան, եւ երրորդ` Թեհրանը դէմ է նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւն տեղի ունենայ:
Առաջինը ընդհանուր մօտեցում է եւ քաղաքական մակարդակով միանշանակօրէն հասկնալի: Միջազգային մակարդակի վրայ ընդունուած սահմաններու փոփոխութիւնը մերժելի է: Երկրորդի պարագային խառն ուղերձներ կան: Աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութիւնը նախ եւ առաջ կրնայ ընկալուիլ Արեւմուտքի տարածաշրջան թափանցման քաղաքականութեան դէմ ըլլալու հասկացողութեամբ: Երրորդը ուղիղ հասցէական է: Ուղղուած է Ազրպէյճանին եւ պատասխան է Պաքուի առաջ քշած «ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձ»-ի պահանջին կամ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի տեսութեան:
Ուրեմն, առաջինը ընդհանուր սահմանը անփոփոխ պահելու մասին է, երկրորդը Արեւմուտքին կ՛ուղղուի անուղղակիօրէն, երրորդը շեշտակիօրէն Ազրպէյճանին պատասխան է:
Այստեղ կը նկատուի, որ Թեհրանը խնամքով շրջանցած է Ռուսիոյ դաշնութիւնը, որ հիմնական շահագրգիռներէն է միջանցքի գործարկման: Եւ ահա Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը Պաքու եւ անկէ ետք պաշտօնական Մոսկուայի կատարած յայտարարութիւնները պատճառ հանդիսացան, որ Թեհրանը այս հարցին մէջ ամէնէն խիստ ձեւով իր սլաքները ուղղէ Մոսկուային:
Դիտարժան բաժին է նաեւ այն, որ համաժամանակեայ ընթացան երկու իրադրութիւններ: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստան- Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծէն դուրս հանուած է միջանցքին վերաբերող կէտը, մինչ օրակարգը կը վերադառնայ քննարկումներու դաշտ գլխաւոր խաղցողներու կողմէ: Այս պարագային առաջին արծարծողը` Մոսկուան:
Մոսկուային ուղղուած նախ անուղղակի եւ ապա ուղղակի իրանեան պատասխաննները հրապարակուեցան երեք մակարդակներով: Առաջինը` դիւանագիտական, Հայաստանի մէջ գործող Իրանի դեսպանին ճամբով, երկրորդը` կառավարական, արտաքին գործոց նախարարին միջոցով, իսկ երրորդը` օրէնսդրական, խորհրդարանի արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի անդամին կողմէ:
Այս երեք մակարդակներու առկայութիւնը ենթադրել կու տայ Իրանի պետական դիրքորոշումին ամրութիւնը այս հարցին մէջ: Այս յայտարարութիւններու ընթացքին օգտագործուեցան «կարմիր գիծ», «ի պահանջել հարկին ռազմական միջոցներով կանխել», «թիկունքէն հարուած ստանալ» եւ այլ ածանցեալ ձեւակերպումներ, որոնք դարաւոր սահմանի փոփոխութիւնը մերժելու Իրանի առաջնային յայտարարութեան փակագիծերը բացին:
Թեհրանի ուղերձի խստացումը սակայն կը թուի, որ միայն Մոսկուային չէ ուղղուած: Այս նախագիծով տարբեր շահերէ մեկնած խանդավառ են Անգարան, Պաքուն եւ Մոսկուան: Առաջին երկուքը պարզ է, որ թուրանական կամուրջի կառուցումը առաջադրած են, մինչ երրորդը կ՛ուզէ վերահսկել շատ կարեւոր հանգուցակէտ մը: Այդ հանգուցակէտը չի վերաբերիր միայն Թուրքիա-Նախիջեւան-Ազրպէյճան կամրջումին:
Սիւնիքի հանգուցակէտը Իրան-Արեւմուտք կամ Թեհրանի դէպի Եւրոպա ապաշրջափակման կենսաճանապարհն է` Իրան-Սիւնիք-Վրաստան-Սեւ Ծով-Եւրոպա հաղորդակցուղիներով:
Թեհրանի համար ուրեմն, դարաւոր սահմանէն աւելի իր կենսաճանապարհին վրայ այլ վերահսկողութիւններ մերժելու պետական շահն է:
Պատասխանի խստացումին դիմաց պաշտօնական Մոսկուան կը վերաձեւակերպէր իր յայտարարութիւնները` ըսելով, որ Իրանի համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է տարածաշրջանի ապաշրջափակման նախագիծերը կեանքի կոչելու համար: Այս պարունակին մէջ ալ կը վերարծարծուէր 3+3-ը:
Յայտնապէս սակայն չեն աւարտած յայտարարողական մակարդակի վրայ արձանագրուող այս միջադէպերը: Դիւանագիտական առումով ալ անտեսելի չէ Իրանի մէջ գործող Ռուսիոյ դեսպանին արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուիլը:
Յայտարարողական միջադէպերը չեն աւարտած. այդ մասին կը յուշէ Իրանի խորհրդարանի նոյն անդամը` յայտարարելով, որ «Իրանի դիւանագիտութիւնը խիստ պատասխան պիտի տայ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին աջակցող Ռուսիոյ նախագահի վերջին դիրքորոշումներուն»:
Յամենայն դէպս այս եւ հետագայ «միջադէպեր»-ու գրանցման աստիճանաչափերը կը տարուբերին Թեհրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու ելեւէջներով:
«Ա.»