image

Խանասէրի Ճանապարհը Վերաբացուեցաւ. Հալէպը Պաշարումէն Դուրս

Խանասէրի Ճանապարհը Վերաբացուեցաւ. Հալէպը Պաշարումէն  Դուրս

 Սուրիա- 8 Օրերէ ի վեր պաշարման օղակի  տակ մնացած  Հալէպը այսօր այդ վիճակէն դուրս  եկաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը «Արեւելք»  ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Սուրիոյ  բանակը  ծանրէ մարտեր  մղելէ ետք յաջողած է ազատագրել  Խանասէրէն     Հալէպ տանող  միակ ճանապարհի  այն հատուածը, որ անցած էր  զինեալներու տիրապետութեան  տակ: Յիշեցնենք, որ  Հալէպի մէջ  մարդկային ծանր իրավիճակ կը տիրէր պաշարման հետեւանքով եւ  սնունդի  եւ հիմնական պէտքերու գիները   մեծ սղաճ գրանցած էին: