Ատրպէյճանն ու Հայաստանը համաձայնեցուցած են խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի կէտերու մեծ մասը։ Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովը, հաղորդած է «Ինթըրֆաքսի» ատրպէյճանական ծառայութիւնը։
«Կը կարծենք, որ այն բանէն ետք, երբ Ատրպէյճանը Ղարաբաղի մէջ լիովին վերականգնեց ինքնիշխանութիւնը իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու նկատմամբ, խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու գործընթացը հեշտացաւ, եւ ատոր ստորագրման հաւանականութիւնը պէտք է աւելի մեծ ըլլայ»,-ըսած է Մամետովը։
Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցով Ատրպէյճանը կը սպասէ Հայաստանի գործողութիւններուն։
«Ատրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին։ Խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկն այսօր ալ ուժի մէջ է։ Այդ պատճառով հետագայ քայլերը պէտք է առնուին, առաջին հերթին, Հայաստանի կողմէ»,- նշած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը։