image

Խաղաղութեան պայմանագրի կէտերու մեծամասնութեան շուրջ Ատրպէյճան եւ Հայաստան համաձայնութեան եկած են. Ատրպէյճանցի պաշտօնատար

Խաղաղութեան պայմանագրի կէտերու մեծամասնութեան շուրջ Ատրպէյճան եւ Հայաստան համաձայնութեան եկած են. Ատրպէյճանցի պաշտօնատար

Ատրպէյճանն ու Հայաստանը համաձայնեցուցած են խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի կէտերու մեծ մասը։ Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովը, հաղորդած է «Ինթըրֆաքսի» ատրպէյճանական ծառայութիւնը։

«Կը կարծենք, որ այն բանէն ետք, երբ Ատրպէյճանը Ղարաբաղի մէջ լիովին վերականգնեց ինքնիշխանութիւնը իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու նկատմամբ, խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու գործընթացը հեշտացաւ, եւ ատոր ստորագրման հաւանականութիւնը պէտք է աւելի մեծ ըլլայ»,-ըսած է Մամետովը։

Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցով Ատրպէյճանը կը սպասէ Հայաստանի գործողութիւններուն։

«Ատրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին։ Խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկն այսօր ալ ուժի մէջ է։ Այդ պատճառով հետագայ քայլերը պէտք է առնուին, առաջին հերթին, Հայաստանի կողմէ»,- նշած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը։