ԱՄՆ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամբ կ'ակնկալէ, որ ամերիկացիները զերծ կը մնան բռնութենէ եւ կ'օգնեն նուազեցնել երկրին մէջ առկայ լարուածութիւնը: Ամերիկացի առաջնորդի այս յայտարարութիւնը չորեքշաբթի օր հրապարակած է Fox News հեռուստաալիքը:
«Նոր ցոյցերու մասին հաղորդագրութիւններու լոյսի ներքոյ ես կոչ կ'ընեմ թոյլ չտալ բռնութիւն, օրինազանցութիւն եւ վանտալիզմի դէպքեր», - ըսած է Թրամբ,- «Սա այն չէ, ինչ ես կը պաշտպանեմ, Ամերիկան այս երեւոյթը չի պաշտպաներ»:
Թրամբն ամերիկացիներուն կոչ ըրած է նպաստելու լարուածութեան թուլացմանն ու խաղաղութեան ապահովման:
Միեւնոյն ժամանակ ԱՄՆ գործող նախագահը չէ յստակեցուցած, թէ ինչ ցոյցերու մասին է խօսքը, սակայն աւելի վաղ դեմոկրատները յայտնած էին, որ հնարաւոր է Թրամբի կողմնակիցներու կողմէ փորձ ըլլայ խափանելու ընտրուած նախագահ Ճօ Պայտընի՝ 20 յունուարին կայանալիք երդմնակալութեան արարողութիւնը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ