Ինչպէս հաղորդած էինք, Հէ Տէ Փէ-ի Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ անդամ է խորհրդարանի պիւտճէի ու փլանաւորման յանձնախումբին, պահանջած էր, որ կիրակի առաւօտ մէկուկէս ժամուան արձակուրդ մը օրիկանացուէր, որպէսզի կարենար եկեղեցի երթալ եւ մասնակցիլ կիրակնօրեայ աղօթքին: Իր պահանջքի տրամաբանական հիմքը բացատրելով, Փայլան նշած էր, որ սա համազօր է ուրբաթ օրերը պաշտօնատեղիներու մէջ մահմետականներու ուրբաթ օրուան աղօթքի համար ճանչցուած արձակուրդի իրաւունքին:
Կարօ Փայլանի պահանջքին գոհացում տուած ըլլալով, յանձնախումբը կիրակի առտուան նիստը բացած է երկու ժամ ուշ՝ ժամը 12:00-ին: