image

Սուրիոյ մէջ կատարուածի ետին կանգնած է Թուրքիան. Թրամփ

Սուրիոյ մէջ կատարուածի ետին կանգնած է Թուրքիան. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, որ Թուրքիան կանգնած է Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալած զինուած ապստամբներու խումբի ետին: Ան պնդած է, որ Անգարան «անբարեացակամօրէն գրաւած է իր հարեւանը»: Այս մասին գրած է Financial Times-ը:

Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին ընդգծած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը «խելացի է եւ շատ կոշտ» եւ կրցած է Անգարան դարձնել Սուրիոյ մէջ Ասատի տապալումէն ետք ամենակարեւոր օտարերկրեայ դերակատարը:

«Ոչ ոք գիտէ, թէ ով կանգնած է (Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու) ետին, բայց ես գիտեմ՝ Թուրքիան է, ան կանգնած է այս ամէնու ետին: Անոնք սա կ՚ուզէին հազարաւոր տարիներ, եւ ան ստացաւ այդ: Մարդիկ, որոնք մտան Սուրիա, կը վերահսկուին Թուրքիոյ կողմէ»,-ըսած է Թրամփը։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «Սուրիոյ բանալին Թուրքիոյ ձեռքն է»։