image
Հրատապ լուրեր:

Կարգաւորման բանալին Մոսկուայի մօտ է. Ռուսիոյ դեսպան

Կարգաւորման բանալին Մոսկուայի մօտ է. Ռուսիոյ դեսպան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման բանալին այն եռակողմ յայտարարութիւններն են, որոնք ստորագրուած են Երեւանի, Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ։

Այս մասին 24News-ի տաղաւարին մէջ նշած է ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինը:

«Պէտք չէ այդպիսի հետեւութիւն ընել, կան շփումներ, այստեղ վերջերս ժամանած էր մեր արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը, շատ առարկայական երկխօսութիւն ունեցանք տարածաշրջանային բոլոր հարցերու շուրջ։ Հայկական կողմը նոյնպէս ըսած է, որ հանդիպումը (Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու ՌԴ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը, որուն հայկական կողմը հրաժարեցաւ մասնակցելէ 2022-ի դեկտեմբերին Լաչինի միջանցքի շրջափակումէն յետոյ- խմբ.) ոչ թէ չեղեալ համարուած, այլ յետաձգուած է։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն ինքնիշխան երկիրներ են, իրենք կ'ընտրեն այն հարթակները, ուր պէտք է վարեն բանակցութիւններ։

Մեր կարծիքով, հայ-ատրպէյճանական խնդիրի լուծման բանալին այն եռակողմ յայտարարութիւններն են, որոնց վրայ կայ երեք առաջնորդներու ստորագրութիւնները։ Մենք բոլոր կողմերուն կ'ըսենք, որ պատրաստ ենք շարունակել բանակցութիւնները՝ համարելով, որ այս ձեւաչափն ամենակիրառականն ու արդիւնաւէտն է։ Աւելին, այս ուղին կը ներառէ կողմերու համար զգայուն, կարեւոր բոլոր հարցերը», - ըսած է ան։