image

Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած միջոցառման հիւրերէն մի քանին յայտնուած են հիւանդանոց

Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած միջոցառման հիւրերէն մի քանին յայտնուած են հիւանդանոց

Յուլիս 14-ին Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ նշուած է Ֆրանսայի ազգային տօնը, որուն հրաւիրուած էին բազմաթիւ հիւրեր, ներառեալ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, դեսպաններ եւ այլ հրաւիրեալներ։

«Սփութնիք Արմենիա»-ի տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկէն ժամեր ետք հիւրերէն շատեր բժշկական օգնութեան դիմած են աղիքային վարակի ախտանշաններով։ Իսկ Armat Media-ի համաձայն՝ հիւրասիրութիւնը ապահոված է «Մարիոթ» հիւրանոցը։

Ձեռնարկն ու հիւրասիրութիւնը բացօթեայ պայմաններու մէջ տեղի ունեցած են՝ սաստիկ տաք եղանակի պայմաններու մէջ։