Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն իրականացնող իսրայէլեան կործանիչ մը վար առնուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է երկրի հիւսիսային հատուածին մերձ եւ բնականաբար Սուրիոյ սահմաններէն ներս:
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան կործանիչը F-16-ի տիպի էր եւ անոր երկու օդաչուներէ բաղկացող անձնակազմը փրկուած է՝«մեր օդաչուները ապահով են», յաւելեց աղբիւրը:
Իր կարգին Sky News կայանի արաբական ծառայութիւնը յայտնեց, թէ ըստ նախնական տուեալներու իսրայէլեան կործանիչը վար առնուած է իրանեան «Թայֆուր» անօդաչու սարքի մը ճամբով: Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներու այս առաջին դէպքն է, որ իսրայէլեան կործանիչ մը վար կ'առնուի:
Խօսքը միայն Սուրիոյ չի վերաբերիր այլ ամբողջ տարածաշրջանին մասին է: