image

Կարեւոր. Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպման մասին Ռուսաստան առաջարկ ներկայացուցած է

Կարեւոր. Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպման մասին Ռուսաստան առաջարկ ներկայացուցած է

Ռուսաստանը խորհրդակցութիւններ կ'իրականացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Մոսկուայի մէջ հնարաւոր հանդիպման կազմակերպման շուրջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան, 8 հոկտեմբերին, շաբաթական ասուլիսի ընթացքին: Ան նշած է, որ Ռուսաստանը ինչպէս ազգային մակարդակով, այնպէս ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւով կը շարունակէ աշխոյժ միջնորդական ջանքերը,  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման, խաղաղ բանակցային գործընթացի վերսկսման ուղղութեամբ: Զախարովան յիշեցուց, որ համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը յստակ արտայայտուած է երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութեամբ:

«Կը մշակուին գործողութիւններու տարբեր ձեւաչափեր, որոնց կարգին մեր կողմէ առաջարկուած է տրամադրել մոսկովեան հարթակը՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման կազմակերպման համար: Խորհրդակցութիւններ կ'իրականացուին հնարաւոր հանդիպման ժամկէտներու վերաբերեալ նշած է Զախարովան:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան 12 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Մոսկուա:  Այցը կը կրէ պաշտօնական բնոյթ: Պիտի կայանայ հանդիպում՝ ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ: Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը յիշեցուցած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը: