image

Կարեւոր ձեռքբերում. Հայկազեան Համալսարան համաձայնագիր մը ստորագրած է Լիբանանի Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու կառոյցին հետ

   Կարեւոր ձեռքբերում. Հայկազեան Համալսարան համաձայնագիր մը ստորագրած է Լիբանանի Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու կառոյցին հետ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ընկերակցութեամբ Համալսարանի Ֆինանսական օգնութեան համակարգող Կարին Մութչոյեանի եւ Վարչական հարցերով նախագահի օգնական Պէթի Երիկեանի  այցելած են Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր տնօրէն զօր.  Իմատ Օսմանին ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը ստորագրած են Հայկազեան համալսարանի եւ ներքին անվտանգութեան ուժերու միջեւ ակադեմիական համագործակցութեան յուշագիր մը: Ստորագրման արարողութեանը ներկայ եղած են նաեւ Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու կազմակերպման բաժնի պետ փոխգնդապետ Ֆարէս Ապու Ասալին:

 Նշենք, որ Հայկազեան համալսարանին համար , սա առաջին համաձայնագիրը չէ, որ կը ստորագրուի եւ նման համաձայնագրեր կան Լիբանանի Ապահովական թէ վարչական այլ կառոյցներու հետ։