image

Ըստ Թրամփի Իրանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան «Կորիզային համաձայնագիրը»

Ըստ Թրամփի  Իրանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրը շատ աւելի լաւ  պիտի ըլլայ, քան «Կորիզային համաձայնագիրը»

Իրանի հետ կնքուող համաձայնագիրը շատ աւելի լաւը պիտի ըլլայ, քան «Իրանի միջուկային համաձայնագիրը», որ բանակցեր են Պարաք Օպաման եւ քնկոտ Ճօ Պայտընը, որ մեր երկրի անվտանգութեան վերաբերեալ երբեւէ կնքուած ամենավատ գործարքներէն մէկն է։ Այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

«Այդ միջուկային զէնքի երաշխաւորուած ուղի էր, որ տեղի պիտի չունենայ եւ չի կրնար տեղի ունենալ այն համաձայնագրի հետ, որու վրայ մենք կ՚աշխատինք։ Անոնք, ըստ էութեան, յանձնեցին 1.7 միլիառ տոլար գումար, որ բեռնուեցաւ Boeing 757-ի վրայ եւ առաքուեցաւ Իրան, որ իրանական ղեկավարութիւնը ծախսէ ըստ իրենց հայեցողութեան։ Ան դատարկեց Ուաշինկթընի, Վիրճինիայի եւ Մերիլենտի դրամատուներու բոլոր միջոցները։ Այս դրամատուներու տէրերն ըսին, որ նախապէս նման բան չեն տեսած։

Աւելին, Իրանին վճարուած են միլիառաւոր տոլարներ։ Եթէ ես չկանգնեցնէի այս «գործարքը», միջուկային զէնք պիտի օգտագործուէր Իսրայէլի եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի դէմ, այդ շարքին՝ մեր սիրելի ամերիկեան ռազմական կայաններու։

Կեղծ լրատուական գործակալութիւնները, ինչպիսին է Washington Post-ի «լրագրող» Տէյվիտ Իկնաթիուսը, կը սիրեն խօսիլ Համատեղ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի մասին՝ գիտակցելով, որ այն ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ է եւ լիակատար ամօթ։ Եթէ գործարքն ընդունուի Թրամփի օրօք, այն պիտի ապահովէ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ ապահովութիւն ոչ միայն Իսրայէլի եւ Մերձաւոր Արեւելքի, այլեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի համար։

Սա պիտի ըլլայ բան մը, որմով ամբողջ աշխարհը պիտի հպարտանայ, փոխարինելով այն ամօթի եւ նվաստացման տարիներու ընթացքին կրածներուն, որոնք մենք ստիպուած եղած ենք կրել անգործունակ եւ վախկոտ ղեկավարութեան շնորհիւ»,-գրած է ան։