image
Հրատապ լուրեր:

Կառավարութեան որոշմամբ՝ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին պատկանող շէնքերն աճուրդով պիտի վաճառուին

Կառավարութեան որոշմամբ՝ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին պատկանող շէնքերն աճուրդով պիտի վաճառուին

Կառավարութիւնը այսօր չզեկուցուող հարցով որոշեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին պատկանող շէնքերը աճուրդով օտարել։

Խօսքը կը վերաբերի բժշակական համալսարանին պատկանող Երեւանի Մամիկոնեանց փողոցի թիւ 60 եւ 60/2 հասցէներուն վրայ գտնուող համապատասխանաբար 3292.3 եւ 853.6 քմ մակերեսներով շէնք-շինութիւններուն, ինչպէս նաեւ ատոնց օգտագործման եւ սպասարկման համար առանձնացուած հողամասերուն:

Նախագիծին մէջ նշուած է, որ գոյքը անհատոյց օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած է «Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամին, որմէ հետագային առանձնացուած է գոյքի մէկ մասը եւ գրանցուած Երեւան քաղաքի Մամիկոնեանց փողոց թիւ 60/2 հասցէով ու ներկայիս կը հանդիսանայ որպէս երկու առանձին գոյքային միաւոր, սական տարիներ ի վեր գոյքը փաստացի չի շահագործուիր եւ կը գտնուի կիսաւեր վիճակի մէջ։

Աճուրդով օտարման ենթակայ գոյքի մեկնարկային գին սահմանուած է անշարժ գոյքի գնահատուած շուկայական արժէքի 100 տոկոսի չափով՝ 1,847,300,000 դրամ։

Աճուրդին մասնակցելու նախավճարը սահմանուած է գոյքի մեկնարկային գինի 5 տոկոսի չափով՝ 92,365,000 ՀՀ դրամ, որ աճուրդի յաղթող մասնակցի համար կը համարուի Գոյքի վաճառքի գինի մաս եւ Գնորդի կողմէ հետագայ վճարումները կատարելէ հրաժարելու պարագային վերադարձման ենթակայ չէ ու կը փոխանցուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէ։

Գնորդը պարտաւոր է վճարել նաեւ գոյքի արժէքի որոշման դիմաց գանձուող գումարը՝ 1,387,379.46 ՀՀ դրամը։

Տուեալ գոյքի օտարումը կը բխի ՀՀ կառավարութեան 2021-2026 թուականներուն ծրագրի պահանջներէն։