Յուսամ, եկող ընտրութիններէն վերջ, ով որ կառավարէ Թուրքիան, կը բանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը։ Ասոր համար ես Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կ՚աշխատիմ եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ալ կապի մէջ եմ եւ ջանք կը թափեմ, որ կամուրջ մը ըլլամ եւ այս ճամբան բացուի։ Ասիկա Հրանդ Տինքին երազն էր։ Դժբախտաբար Հրանդ Տինքը կորսնցուցինք։ Ջանք կը թափեմ, որ իր երազը իրականացնեմ։ Այս աշխատանքին պէտք է հաւատանք եւ բոլորս ջանք թափենք զայն իրականացնելու համար։
Մեր հարցերուն կը պատասխանէ Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամ՝ Կարօ Փայլան
Պրն. Փայլան շատ արագ զարգացումներ տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ մէջ յատկապէս յետ- երկրաշարժեան փուլին։ Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Թուրքիան, ի՞նչպիսին է քաղաքական ուղղութիւնը այսօր։
Այս երկրաշարժը շատ մեծ աղէտ մըն էր։ Աղէտը մեծ էր, սակայն զօրակցութիւնն ալ շատ մեծ էր Տասնհինգ միլիոն հոգի ազդուեցաւ երկրաշարժէն եւ մենք ալ զօրակցինք (նկատի ունի HDP՝ ԺԴԿ-ն («Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւն»ը) աղիտեալներուն ։ Հոն մնացողները հաց չունին, ջուր չունին, վրան չունին։ Այս բոլորին հասնելու համար մենք ալ կը զօրակցինք։ Վէրքը շատ մեծ է եւ զայն բուժելու համար մեծ օգնութիւններ պէտք են։ Շնորհակալ ենք Հայաստանի Հանրապետութեան , որ նոյնպէս զօրակցեցաւ Թուրքիոյ աղիտեալներուն։
Վերջին շաբաթներուն արդէն շատեր կ՚ըսէին, որ երկրաշարժէն ետք քաղաքական ցնցումներ կը սպասուին։ Իրապէս, քիչ մը զարմանալի դէպքեր պատահեցան՝ ընդդիմութիւնը փլուզուեցաւ, յետոյ վերակազմուեցաւ։ Իմացանք, որ այն կուսակցութիւնը, որուն դուք կը պատկանիք՝ ԺԴԿ-ն («Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւն») պիտի միանայ այս դաշինքին, եւ պիտի քուէարկէք, ինչպէս անգամ մը ձեր բանտարկուած առաջնորդ՝ Սալահըտտին Տէմիրթաշը ըսաւ. «Սրտին քար դնելով պիտի քուէարկէք» ՃՀՓ-ի, ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Քըլըշտարօղլուին։ Ի՞նչ է իրական պատկերը ներսէն։
Մենք ՃՀՓ-ի հետ դաշինք չըրինք։ Մենք առանձին դաշինք մը ունինք եւ այդ դաշինքով խորհրդարանի ընտրութեան պիտի մասնակցինք։ Երկուընտրութիւն ունինք։ Մէկը խորհրդարանի համար է, միւսը՝ նախագահի ընտրութեան համար։ Նախագահի ընտրութեան համար յիսուն առ հարիւրէն աւելի վեր քուէ պէտք է հաւաքենք։ Քըլըչտարօղլուի դաշինքը ունի հարիւրէն քառասուն քուէ եւ մեր դաշինքը ունի հարիւրէն տասնհինգ քուէ։ Այս երկու քուէները պէտք է միանան, որպէսզի շահինք նախագահական ընտրութիւնը։ Եկող օրերուն պիտի խօսինք, եթէ համաձայնինք, ընդդիմութեան անունով մէկ թեկնածու պիտի առաջադրենք եւ պիտի շահինք։ Այս անգամ կ՚ուզենք միասնաբար շահիլ։ Չենք ուզեր, որ Էրտողան առաջնորդէ երկիրը։ Կ՚ուզենք խորհրդարանական իշխանակարգի վերադառնալ ։ Ասոր համար պէտք է շահինք երկու ընտրութիւններն ալ, թէ՛ խորհրդարանի եւ թէ՛ նախագահական, որպէսզի ժողովրդավար խորհրդարան եւ նախագահ ունենանք։ Անշուշտ նախապաշարումներ ունինք ԺՀԿ-ի նկատմամբ։ Կը յիշենք, որ Ապտուլհամիտի ժամանակ վատ էր, բայց անԿԷ ետք՝ Իթթիհատ վէ թարաքքի շրջանը աւելի վատ եղաւ։ Նոյն բանը չըլլալու համար, հիմա պիտի խօսինք։ Կ՚ուզենք Թուրքիա առնէ ժողովրդավարական ճամբան եւ կ՚ուզենք խաղաղութիւն տիրէ Թուքիոյ մէջ, նաեւ խաղաղութիւն կազմակերպենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Յունաստանի եւ միւս դրացի երկիրներու միջեւ։
Միջազգային ԶԼՄ-ներ կը հետեւին Թուրքիոյ զարգացումներուն։ Շատ են ըսողները, որ նախագահ Էրտողան յայտնուած է դժուար կացութեան առջեւ։ Այսօր նոյնիսկ, յայտնի մտաւորական Սեւան Նշանեանը կ՚ըսէր, որ կուսակցութիւն մը, որ տասը եւ աւելի տարիներէ ի վեր իր գլխաւոր դէմքերը չփոխեց եւ այսքան սխալ գործեց, պէտք է հեռանայ։ Կը կարծէ՞ք, որ Էրտողան անակնկալ, անսպասելի քայլերու կը դմէ, ե՛ւ ներքին ճակատի, ե՛ւ արտաքին ճակատի վրայ։ Էրտողանի իրական ուժը ի՞նչ վիճակի մէջ է։
Անշուշտ ես ալ մտահոգ եմ, որովհետեւ մենք այս կացութիւնը ապրեցանք 2015-ին։ Էրտողան կորսնցուց ընտրութիւնը Յուլիսին, բայց անկէ ետք գրգռութիւններ՝ «փրովոքասիոններ» եղան եւ Նոյեմբերին դարձեալ ընտրութիւններու գացինք եւ Էրտողան շահեցաւ։ Գալիք օրերը շատ կարեւոր են։ Չենք ուզեր դարձեալ «փրովոքասիոններ» ապրիլ, այլ կ՚ուզենք, որ այս ընտրութիւնները խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը փոփոխութիւն կ՚ուզէ, նուազագոյնը հարիւրէն վաթսունը փոփոխութիւն կ՚ուզէ, բայց անոնք բաժնուած են տարբեր կուսակցութիւններու։ Էրտողան չ՚ուզեր, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները միանան, բայց բարեբախտաբար կրնամ ըսել, որ մենք միացանք եւ փոփոխութիւն կ՚ուզենք։ Եթէ պատահի, որ «փրովոքասիոններ» ըլլան, մարդիկ պիտի մեղադրեն Էրտողանը։
Ընտրութիւնները եթէ բարեյաջող ընթանան, եւ այսօրուան ընդդիմութիւնը, գլխաւորաբար ԺԴԿ-ն եթէ իշխանութեան գայ, արդեօք նոր էջ կը բանա՞յ Հայաստանի հետ, թէ Էրտողանը փնտռել կու տայ մեզի։ Ի՞նչ կը կարծէք դուք։ Թուրքիոյ նոր իշխանութիւնը (եթէ անշուշտ ընդդիմութիւնը յաջողի) պիտի ուզէ՞ Հայաստանի հետ լեզու գտնել, խաղաղութիւն հաստատել, բան որ դուք ալ կը ցանկաք անշուշտ։
Անշուշտ, եթէ շահինք, Թուրքիոյ մէջ մէկ օրէն միւսը ամէն բան լաւ պիտի չըլլայ, բայց ժողովրդավարութեան համար պայքարը պիտի շարունակուի։ Գիտէք, վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, Էրտողանը ամբողջ երկրին եկամուտը զէնքեր գնելու տրամադրեց։ Ան ամէն տեսակի ճնշում բանեցուց ընդդիմութեան վրայ, եւ դժբախտաբար Կովկասի մէջ ալ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւններուն, Ատրպէյճանի կողմը դիրք բռնեց։ Ես կ՚ուզեմ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խաղաղութեան կողմը ըլլայ։ Եթէ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն կրցանք կազմակերպել, այդ ճամբով, կը յուսամ, որ Թուրքիան դրացիներուն հետ աւելի դիւրին ձեւով կրնայ խաղաղութիւն մշակել։ Ես ալ, իմ ժողովրդավար ընկերներուս հետ, խորհրդարանին մէջ կամ կառավարութեան մէջ, միասնաբար, խաղաղութեան համար, պայքարը պիտի շարունակենք։
Ձեր ժողովրդականութիւնը բաւական մեծ է Հայաստանի մէջ, բայց ամէն անգամ կը ցնցուի այդ մէկը երբ դուք Սումկայիթի օրերուն, յատկապէս, Խոճալուի ջարդերը կը յիշէք։ Մանաւանդ, որ մենք բոլորս գիտենք, որ այդ ջարդերը կազմակերպուած են Ատրպէյճանի կողմէ եւ իրենք լաւ «փաթեթաւորելով» կը ծախեն աշխարհին, թէ հայերը ջարդ գործած են։ Ինչո՞ւ այս մօտեցումը կ՚ունենաք։ Հաշուի կ՚առնէ՞ք արդեօք իրականութիւնները, թէ պարզապէս քաղաքավարական մօտեցում մըն է։
Իրապէս, ինծի եւ դիտողներուն համար ալ կարեւոր է այս հարցը։ Կ՚ուզէի անկեղծօրէն լսել ձեր կարծիքը։
Սագօ գիտէ՞ք, որ նոյն բանը Ատրպէյճանն ալ կ՚ըսէ։ Անոնք կ՚ըսեն, որ իբր թէ հայերը Սումկայիթի մասին սուտ կը խօսին, որ իբր թէ այդպիսի բան չեղաւ, եւ այլն։ Ես չեմ մեղադրեր հայերը կամ Հայաստանը։ Ես պարզապէս կ՚ըսեմ. «Եկէք յետաքննութիւն մը մը ընենք»։ Քանի որ եթէ անցեալի հետ չենք առերեսուած, չենք կրնար բռնել խաղաղութեան ճամբան։ Հայաստանն ալ, Արցախն ալ, Ատրպէյճանն ալ պէտք է առերեսուին իրենց անցեալին հետ։ Պէտք է յետաքննութիւն ընենք, եւ գիտնանք եւ որոշենք պատահածին պատասխանատուութիւնը եւ բռնենք խաղաղութեան իրական ճամբան։ Թէ՛ Խոճալուի եւ թէ՛ Սումկայիթի մէջ հարիւրաւոր մարդիկ մեռան եւ այս թշնամութիւնը շարունակուեցաւ։ Այս թշնամութիւնը վերացնելու համար, պէտք է խաղաղութիւն կազմակերպենք։ Խաղաղութիւն կազմակերպելու համար, պէտք է նախապաշարումները վերացնենք։ Ազերիները կ՚ըսեն. «Հայերը մեր թշնամիներն են»։ Հայերը կ՚ըսեն. «Ազերիները մեր թշնամիներն են»։ Ոչ այդպէս չէ։ Հայերը եւ ազերիները չեն կրնար թշնամի ըլլալ, անոնք հարիւրաւոր տարիներ միասնաբար ապրած են։ Անշուշտ գէշ օրեր ալ ապրած են։ Այդ գէշ օրերն ալ պէտք է յետաքննենք եւ ով որ պատասխանատու է, ով որ կազմակերպեց այդ «փրովոքասիոններ»ը, պէտք է մեղադրենք եւ նայինք ապագային։
Կը հասկնամ ձեր մօտեցումը, սակայն այսօր, մենք կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանն է որ խաղաղութիւն չ՚ուզէր, Պրն. Փայլան։ Ասիկա հայելիի պէս յստակ է։
Դժբախտաբար այդպէս է։ 1990-ականներուն ալ մենք շատ «մաքսիլալիսթ» պահանջներ ունէինք։ Հիմա ալ Ատրպէյճանը «մաքսիմալիսթ» պահանջներ ունի եւ չի յարգեր արցախահայութեան իրաւունքները եւ կ՚ըսէ, թէ ինք պիտի առնէ Արցախը։ Այս ձեւով անկարելի է խաղաղութիւն կազմակերպել։ Եթէ ըսենք. «Արցախը մերն է», խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, եթէ Ատրպէյճանը ըսէ, որ «Արցախը միայն ազերիներունն է«, դարձեալ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ։ Պէտք է այնպէս մը կազմակերպենք, որ Արցախի մէջ ազերիները եւ հայերը խաղաղութեան մէջ ապրին։ Ասոր համար պէտք է նախապաշարումները վերջանան եւ պէտք է անցեալի հետ առերեսուինք։
Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու առընթեր լաւատես է՞ք։
Թշնամութիւն կազմակերպելը շատ դիւրին բան մըն է։ Շատ դիւրին է ազգայնական ըլլալը՝ ազերի ազգայնական ըլլալն ալ, թուրք ազգայնական ըլլալն ալ, հայ ազգայնական ըլլալն ալ շատ դիւրին գործեր են։ Միւս կողմին կը գրգռես, կը պոռաս եւ կը շարունակուի թշնամութիւնը։ Բայց խաղաղութիւն կազմակերպելը շատ դժուար է։ Ասոր համար պէտք է վերջ տանք նախապաշարումներուն։ Մեծ աղէտ մը ապրեցանք Թուրքիոյ մէջ։ Ատիամանցիներ զարմացան, թէ ինչպէս հայաստանցիները եկած են եւ իրենք զիրենք վտանգի մէջ դնելով կ՚օգնեն աղիտեալներուն։ Այս ձեւով ատիամանցիներուն մէջ նախապաշարումները վերջացան։ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը Անգարա եկապ եւ հանդիպեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլուտ Չաւուշօղլուին հետ եւ յարաբերութեան լաւ ճամբայ մը բացաւ։ Ես շատ լաւատես եմ, յուսամ, որ գալ ամիսներու ընթացքին կը բանանք Թուրքիա-Հայաստան սահմանը եւ կը սկսինք դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններով պէտք չէ որ բաւարարուինք, տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւններն ալ պէտք է սկսինք եւ մարդիկ պիտի տեսնեն, որ թուրքերը եւ հայերը թշնամի չեն կրնար ըլլալ։ Հարիւր տարիէ ի վեր անշուշտ շատ մեծ խնդիր մը ունինք, բայց այդ խնդիրը վերջացնելու համար, պէտք է յարաբերութիւնները սկսինք։ Եթէ դուն դրացի մը ունիս եւ սահմանը գոց է եւ անոր հետ չես խօսիր, ինչպէ՞ս պիտի կարենաս լուծել խնդիրները։ Ասոր համար պէտք է բանանք սահմանը։ Յուսամ, եկող ընտրութիններէն վերջ, ով որ կառավարէ Թուրքիան, կը բանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը։ Ասոր համար ես Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կ՚աշխատիմ եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ալ կապի մէջ եմ եւ ջանք կը թափեմ, որ կամուրջ մը ըլլամ եւ այս ճամբան բացուի։ Ասիկա Հրանդ Տինքին երազն էր։ Դժբախտաբար Հրանդ Տինքը կորսնցուցինք։ Ջանք կը թափեմ, որ իր երազը իրականացնեմ։ Այս աշխատանքին պէտք է հաւատանք եւ բոլորս ջանք թափենք զայն իրականացնելու համար։
Սագօ Արեան
«Պայքար» Ապրիլ 2023