image

Իզապէլ Մանուկեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ (լուսանկարներ)

Իզապէլ Մանուկեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ (լուսանկարներ)

24 յունուարէն - 4 փետրուար, Փարիզի 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «René Capitant» սրահին մէջ կը ցուցադրուին գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեանի «Les parquets du Louvre» թեմային շուրջ յօրինուած գործերը։Այս մասին կը յայտնէ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»ը։

«Այս շարքին մէջ, ի մէջ այլոց, արծարծած եմ կրօնական թեման՝ զանց առնելով տարածութիւններու եւ ժամանակի ընդունուած չափանիշերը։ Եթէ նկատի չունենանք քանի մը բացառութիւններ՝ բոլոր կերպարներս զետեղուած են չբացայայտուած սահմանի մը մէջ։ Այս «առեղծուածը» լուծելու միակ բանալին գունաւոր շերտերն ու շեղակի գիծերն են, որոնք երբեմն յատակի կամ պատի դերը կատարելով (Լուվրի) տախտակամածի պատրանքը կու տան», կ՚ըսէ արուեստագիտուհին։

Ծնած է 1969-ին Ֆրանսա։ Կիրառական արուեստի դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր գեղանկարչական երթը շարունակած է Գեղարուեստի հիմնարկի Մոնփարնասի եւ Կլասիէրի աշխատանոցներուն մէջ։ 2002-ին շրջանաւարտ եղած է «Փարիզ 8» համալսարանէն՝ կատարելագործելով կերպընկալութեան արուեստի ճիւղը։ 2004-ին կը յայտնաբերէ պարսկական մանրանկարչութիւնը եւ հինգ տարի շարունակ կ՚ուսանի պարսիկ մասնագէտ Ապպաս Մոայէրիի մօտ։

Այդ արուեստին մէջ արտացոլուած գոյներու առանձնայատուկ մօտեցումը, որ համատեղուած է գիծի ճշգրտութեան հետ, մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ Մանուկեանի ապագայ գործունէութեան վրայ։ Ատկէ ալ ծնունդ կ՚առնէ «Փոքրիկ աստղը» խորագրուած ջրաներկ-խիժանկարներու շարքը, հիմնուած կենդանակերպ նշաններու վրայ, որոնք ծննդեան այլաբանական դրսեւորումներ են։

«Գեղանկարչութեանս մէջ ստեղծած եմ արուեստի պատմութեան ի՛մ սեփական կրօնական դիցաբանութիւնը՝ առաջադրելով առօրեայի կերպարները։ Նկարներուս խորքը զարդարած երիզները ներշնչուած են Լուվրի տախտակամածէն, որոնք միաժամանակ թէ՛ կը կերպարանափոխեն պատկերը, թէ՛ ալ պատմութեան իմաստը կը յատկանշեն», կ՚ընդգծէ նկարիչը։

Երկուշաբթի, Յունուար 23-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Իզապէլ Մանուկեանի ցուցահանդէսին բացումը։ Քաղաքապետուհի Տիկ. Ֆլորանս Պերթու խօսք առնելով ըսաւ, թէ ինք ասկէ առաջ քանի մը անգամ առիթ ունեցած է այցելելու Մանուկեանի այլ վայրերու մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները եւ կրնայ հաստատել, թէ բարդ ու երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք են նկարիչին գեղեցիկ ու ինքնատիպ գործերը։ Իսկ 2010-2014-ի միջեւ ստեղծագործուած «Les parquets du Louvre» 30 պաստառներու շարքին «ծննդեան պատմութիւնը» հաճելի անակնկալ էր իրեն համար։

isabelle manoukian LES PARQUETS DU LOUVRE3

Արդարեւ ինչպէս քիչ ետք բացատրեց Ի. Մանուկեան, գաղափարը յղացած է այն օրը երբ դիտած է շարք մը նկարներ, ուր իրենց դպրոցի տնօրէնին առաջնորդութեամբ խումբ մը երախաներ Լուվր այցելութեան ժամանակ թանգարանի տախտակամածին վրայ ծնրադիր կայսրուհի Ժոզէֆինի թագադրութիւնը կը ձեւացնէին՝ Դաւիթի հսկայական պաստառին առջեւ…։ «Այս պատկերները իմ մէջ արթնցուցին զօրաւոր զգացումներ։ Շարժեցաւ գեղագիտական հետաքրքրութիւնս՝ նկատելով որ այդ փոքրիկները ֆիզիքապէս եւ անգիտակցաբար իւրացուցած ու սեփականացուցած էին աշխարհի ամենէն նշանաւոր թանգարանը։ Որոշեցի ես ալ իրենց նմանիլ… եւ սկսայ նկարել», նշեց արուեստագիտուհին։ Յետոյ հրաւիրեալները առիթ ունեցան դիտելու երկու յարկերու պատերէն կախուած Մանուկեանի մեծադիր եւ իւրայատուկ կտաւները, որոնցմէ յիշենք քանի մը անուններ.- «Le couronnement de la Vierge», «St. Michel et le Dragon», «Marie Madeleine au miroir», «Le voile de Véronique», «Les douze apôtres», «Les pèlerins d’Emmaüs»…։
Աւարտին հիւրասիրուեցան ներկաները եւ մտերմիկ զրոյց ունեցան շնորհալի արուեստագիտուհիին հետ։

isabel manukian LES PARQUETS DU LOUVRE

 

isabel manukian LES PARQUETS DU LOUVRE1

 

isabele manukian 1isabelle manoukian LES PARQUETS DU LOUVRE 4

 

isabelle manoukian LES PARQUETS DU LOUVRE 5