image

Իսրայէլ հարուածեց Լիբանանի Սայտա քաղաքը. Զոհուած է 14 անձ

Իսրայէլ հարուածեց Լիբանանի Սայտա քաղաքը. Զոհուած է  14 անձ

Իսրայէլի օդային յարձակման հետեւանքով Լիբանանի հարաւը գտնուող Պաղեստինի փախստականներու ճամբարին մէջ առնուազն 13 մարդ զոհուած է, յայտնած է AlJazeera-ն։

Իսրայէլը յայտարարած է, որ թիրախաւորած է պաղեստինեան զինուած խմբաւորում՝ «Համաս»ի, այն անդամները, որոնք, ինչպէս պնդած է իսրայէլեան կողմը, գործած են ճամբարին մէջ գտնուող մարզավարժական կեդրոնին մէջ։

«Երբ կ՚ըսենք, որ չենք հանդուրժեր որեւէ սպառնալիք մեր հիւսիսային սահմանին, նկատի ունինք տարածաշրջանին մէջ գործող բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները։ Մենք պիտի շարունակենք ուժային գործողութիւններ իրականացնել՝ կանխելու Լիբանանի մէջ ամրապնդուելու «Համաս»ի փորձերը եւ վերացնելու այն տարրերը, որոնք կը սպառնան մեր անվտանգութեան»,- իր յայտարարութեան մէջ նշած է Իսրայէլի բանակի խօսնակ Աւիխայ Ատրահին։

«Համաս» հերքած է Իսրայէլի պնդումները՝ զանոնք որակելով «կեղծիք» եւ ընդգծելով, որ կազմակերպութիւնը Լիբանանի փախստականային ճամբարներու մէջ ուսումնական կեդրոններ չունի։

«Սիոնիստական ռմբահարումը դաժան յարձակում էր մեր անմեղ պաղեստինեան ժողովուրդի եւ Լիբանանի ինքնիշխանութեան դէմ»,– նշուած է խմբաւորման յայտարարութեան մէջ։

Նախօրէին Լիբանանը յայտարարած էր, որ երկրի հարաւը մեքենաներու վրայ Իսրայէլի այլ հարուածներու հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է։

2023-ի հոկտեմբերէն, երբ Իսրայէլը սկսաւ ցեղասպանական գործողութիւնները Կազայի մէջ՝ «Համաս»ի կողմէ հարաւային Իսրայէլի վրայ կատարուած յարձակման հետեւանքով, Իսրայէլ Լիբանանի մէջ քանի մը անգամ սպանած է պաղեստինեան խմբաւորումներ, այդ շարքին՝ «Համաս»ի պաշտօնեաներ։

2023-ի հոկտեմբերէն ի վեր Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ ցեղասպանական գործողութիւնները խլած է առնուազն 68,527 մարդու կեանք եւ վիրաւորած 170,395-ին։ 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին «Համաս»ի գլխաւորած յարձակումներու ժամանակ Իսրայէլի մէջ սպանուած է ընդհանուր առմամբ 1,139 մարդ, իսկ մօտ 200-ը գերի վերցուած են։

Հրադադարի պայմանագիրը, որ ձեւաւորուած է Թրամփի ներկայացուցած 20 կէտանոց խաղաղութեան ծրագրի հիման վրայ, ուժի մէջ մտած է հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան։